Ուժի Մէջ Մտած Են Արցախի Հանրապետութեան Նոր Սահմանադրութեան Որոշ Գլուխներ

Ազգային ժողովի կայքին մէջ տեղադրուած է Փետրուար 28-ին «ԼՂՀ պաշտօնական տեղեկագիրին մէջ» հրապարակուած Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան նախագիծը:

Այս մասին կը տեցեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի մամուլի ծառայութիւնը:

Յիշեցնենք, որ  Փետրուար 20-ին կայացած հանրաքուէի արդիւնքներով Արցախի Հանրապետութեան նոր Սահմանադրութեան նախագիծը գերակշիռ մեծամասնութեամբ հաւանութեան  արժանացած է հանրապետութեան քաղաքացիներուն կողմէ:

Համաձայն Արցախի Հանրապետութեան նոր Սահմանադրութեան 166-րդ յօդուածի 1-ին մասին` «Սահմանադրութեան 1-3-րդ եւ 12-րդ գլուխները ուժի մէջ կը մտնեն «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտօնական տեղեկագիրին մէջ» հրապա­րակուելու օրուան յաջորդող տասերորդ օրը:

2017թ. Մարտ 10-էն Արցախի Հանրապետութեան տարածքին մէջ կը գործեն նոր Սահմանադրութեան վերոնշեալ գլուխներու դրոյթները:

 

Scroll Up