Լիբանանահայ Դպրոցներու Հայոց Լեզուի Եւ Հայոց Պատմութեան Ուսուցիչներուն Նուիրուած Մեծարանքի Երեկոյ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/03/Medzarank2_3717.jpg)
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի «Նոր սերունդ» մշակութային միութեան, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի ու հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կողմէ «Մայրենիի օր» հռչակման առիթով երեքշաբթի, 7 մարտ 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, ՀԿԲՄ-ի Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան քոլեճին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի երեկոյ` նուիրուած լիբանանահայ դպրոցներու հայոց լեզուի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչներուն:
Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի Հանրապետութիւններու զոյգ քայլերգներով` կատարողութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի «Ծիծեռնակ» երգչախումբին:
«Նոր սերունդ» մշակութային միութեան անունով հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Մարօ Շորճեան: Ան ըսաւ, թէ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կողմէ «Մայրենիի օր» հռչակումը կը միտի զգաստ պահել սփիւռքահայութիւնը մայրենի լեզուին ունեցած դերին մասին` հայապահպանման գործընթացին մէջ: Ան յայտնեց, որ եթէ հայկական կրթօճախները կը հանդիսանան մայրենիի ջահը վառ պահող բնօրրանները, ապա այդ ջահը սերունդէ-սերունդ կը փոխանցէ հայ ուսուցիչը, որ այդ կրթօճախին սիւնն է, առանց որուն հայ կրթօճախը կը զրկուի իր հայկական ինքնութենէն: Ի մասնաւորի հայոց լեզուի եւ հայոց պատմութեան առարկաներու դասատուով է, որ կ՛արժեւորուի հայ դպրոցը եւ կը դրոշմուի ազգային ինքնութեամբ: Ան իր խօսքը աւարտեց ըսելով, որ «Նոր սերունդ» մշակութային միութեան վարչութիւնը այսօր կու գայ իր երախտագիտութիւնը յայտնելու սփիւռքահայ ուսուցիչին եւ անոր ըսելու` «Վարձքդ կատա՛ր»:
Գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժինով հանդէս եկաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի «Ծիծեռնակ» երգչախումբը, որ մայրենի լեզուին ու հայ ուսուցիչին նուիրուած եւ հայրենասիրական շարք մը երգեր կատարեց բարձր ճաշակով, ղեկավարութեամբ` Մանուէլ Քէշիշեանին:
Օրուան բանախօսն էր դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան: Ան ըսաւ, թէ կար ժամանակ, երբ համացանց չկար, տեղեկութիւններու այսքան առատութիւն չկար, իսկ գիտելիքի քանակի չափաւորութիւն եւ որակի բծախնդրութիւն կար: Մեր ազգային եւ կրօնական տօներուն կողքին ունէինք քանի մը համաշխարհային տօներ, որոնց մաս կը կազմէր նաեւ Ուսուցչաց օրը: Հիմա սակայն «ամէն ինչ իրար անցած է» եւ տօներու շարքը շատ երկար է: Ան շնորհաւորեց հայ վարժարաններու բոլոր ուսուցիչները իրենց տօնին առիթով` առանձնակի շնորհաւորելով հայազգի ուսուցիչները, ինչ ալ դասաւանդեն անոնք: «Անոնց ներկայութիւնը հայկական դպրոցին մէջ յաւելեալ օրհնութիւն է», ըսաւ Իւրնէշլեան` աւելցնելով, որ այսօր յատուկ վերաբերմունքի կ՛արժանացնենք այն ուսուցիչները միայն, որոնք կը դասաւանդեն հայագիտական դասանիւթեր:
Ան շեշտեց հայ դպրոցին հայապահպանման կեդրոնական, առանցքային դերակատարութիւնը եւ ըսաւ, թէ այդ կարեւորութիւնը շեշտելու համար կը գործածենք այնպիսի բառեր, ինչպիսիք են ամրոց, պահապան, միջնաբերդ, դարփնոց եւ այլն: Իսկ այս ամրոցին ու միջնաբերդին պահապանները հայերէնի ուսուցիչներն են: Իւրնէշլեան նշեց, որ «քանի մը օր ետք պիտի թոշնին ծաղիկները, անկիւն մը դրուին նուէրները, խօսքերը նորէն պիտի տեղաւորուին բառարանին մէջ եւ մենք` իբրեւ համայնք եւ հաւաքականութիւն, պիտի վերադառնանք իրականութեան: Իրականութիւն մը, որ իր մէջ քիչ բան ունի տօնական: Այն ինչ որ կ՛ընենք մարտ իննին եւ մարտ իններուն միջեւ յաճախ կը տարբերին իրարմէ: Գնահատելի են բոլոր արտասանուած խօսքերը, վարձքը կատար բոլոր միութիւններուն, ապրին բոլոր աշակերտներուն ծնողները, հազար շնորհակալութիւն բոլորին, սակայն կը փափաքինք, որ այս բոլորը մարտ իննին չվերջանան, այլ շարունակուին, յարատեւեն, երկարին ամբողջ տարուան վրայ, ոչ իբրեւ տօն, այլ իբրեւ մարտահրաւէր` գործի տեսքով, գիտակցութեան մէջ դրոշմուած` ծնողքին, աշակերտին, հոգաբարձուին, ազգային ղեկավարին, նաեւ ուսուցիչին»: Ան խօսքը ուղղելով ուսուցիչներուն ըսաւ. «Այո՛, մենք ալ անընդհատ եւ ամէն օր պէտք է յիշենք, որ ուսուցիչ ենք»:
Դոկտ. Իւրնէշլեան, բաժնեկցելով մտորումները ներկայ ուսուցիչներուն հետ, շեշտեց «յանձնառու» բառը, որ կը նշանակէ յանձն առնել, անձին վրայ վերցնել պարտականութիւն մը: Ան շեշտեց. «Իբրեւ հայ դպրոցի հայապահպան դերի հիմնական առանցք, պիտի ուզէի տեսնել յանձնառու հայու կերտումին հրամայականը, առանց որուն հայապահպանումը կրաւորականութիւն բուրող յղացք մը կը մնայ»: Իբրեւ սփիւռքացող ժողովուրդ, դատի տէր ազգ օրըստօրէ աւելի պէտք է կեդրոնանանք այսօրուան սերունդէն վաղուան յանձնառու հայը կոփելու գործին վրայ: «Յանձնառու հայու դարբնոցը հայ դպրոցն է, իսկ հայ դպրոցը ղեկավարութիւնն է, ծնողքն է եւ ուսուցիչը», ըսաւ Իւրնէշլեան: Ան ըսաւ, որ իբրեւ ուսուցիչներ սէրը պէտք է ըլլայ մեզ դասարան մղողը: Աշակերտը պէտք է զգայ, որ իբրեւ ուսուցիչ դասին նկատմամբ ունինք յարգանք, մեր պաշտօնին նկատմամբ լուրջ պատասխանատուութիւն: «Սէր եւ պատասխանատուութիւն: Ահա յանձնառու ուսուցիչին հիմնական առաքինութիւնները», ըսաւ դոկտ. Իւրնէշլեան: Ան իր խօսքը աւարտեց հետեւեալ տողերով. «Վաղուան հայը այսօր թրծելու գերագոյն առանձնաշնորհումը քեզմէ զատ որո՞ւ տրուած է, հա՛յ ուսուցիչ»:
Գեղարուեստական բաժինին մէջ Սայաթ Նովայէն երաժշտական կտոր մը նուագեց ջութակահար Յովիկ Աշըգեան:
Ապա հայոց լեզուին նուիրուած ասմունքով մը հանդէս եկաւ «Նոր սերունդ» մշակութային միութեան վարչութեան ատենապետ Անի Եփրեմեան: Եփրեմեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններուն, որոնք ընդառաջեցին «Նոր սերունդ»-ի հրաւէրին եւ ներկայ գտնուեցան սոյն ձեռնարկին: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բանախօսին` դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեանին, ապա ուսուցիչներուն ուղղելով խօսքը ըսաւ, թէ այս յուշանուէրը կը տրուի առ ի երախտագիտութիւն ուսուցիչներուն կատարած աստուածահաճոյ աշխատանքին: Եփրեմեան իր խօսքը աւարտեց ըսելով. «Մենք այսօր կը խոնարհինք ձեր վաստակին դիմաց, որովհետեւ հոն կայ սէր, հոն կայ զոհաբերութիւն եւ հոգատարութիւն: Դուք լոյսի, յոյսի ներշնչման անսպառ շտեմարանն էք: Հա՛յ ուսուցիչ, տօնդ շնորհաւոր եւ վարձքդ կատար»:
Հանդիսութեան աւարտին պարգեւատրման համար բեմ բարձրացան Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան փոխնախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան դիւանագիտական անձնակազմէն Վլատիմիր Պօղոսեան, որոնք ուսուցիչներուն յանձնեցին յուշանուէրները:
Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան իր սրտի խօսքով բարձրօրէն գնահատեց «Նոր սերունդ» մշակութային միութեան նախաձեռնութիւնը` մաղթելով, որ այսուհետեւ ամէն տարի, Ուսուցչաց տօնին առիթով կամ այլապէս, իրարու մօտ ըլլալու պահ մը յաջողինք ստեղծել մեր կեանքին մէջ: Առաջնորդ սրբազանը աւելցուց, որ կ՛ապրինք յարափոփոխ աշխարհի մէջ եւ ականատես ենք, թէ ինչպէ՛ս մեզի ծանօթ արժէքները հետզհետէ կը նօսրանան եւ կ՛աներեւութանան մեր կեանքէն: Ազգին աւանդը օրէ օր աւելի կը դառնայ թանկագին: Այդ աւանդը պահպանելու եւ ապահով կերպով յաջորդ սերունդներուն փոխանցելու պարտականութիւնը կը պատկանի հայ ուսուցիչին: Հայ դպրոցը պայմանաւորուած է հայ ուսուցիչով եւ հայ արժէքներով, ինչպէս նաեւ հայ ծնողքին եւ աշակերտին ամբողջական գիտակցութեամբ ու մասնակցութեամբ: Առաջնորդ սրբազան հայրը խօսքը աւարտեց ըսելով, թէ պէտք է փառք տանք Աստուծոյ, որ տակաւին մեր կեանքին մէջ ունինք բազմաթիւ տուեալներ, որոնցմով պէտք է ուրախ զգանք մենքզմեզ եւ լաւատեսութեամբ նայինք ապագային: Ունինք արժէքներ, որոնք թէկուզ մաքառումով կը պահենք, բայց տակաւին կը պահենք: Սրբազանը մաղթեց եւ յոյս յայտնեց, որ աւելի բարենպաստ պայմաններու մէջ հայ դպրոցին միջոցով այդ արժէքները նոր կեանք ստանան եւ մեզ մղեն դէպի գալիք դարերը:
Ձեռնարկը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:
Լիբանանահայ վարժարաններու պարգեւատրուող կրթական հայ մշակներն էին`
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱԲԳԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Րաֆֆի Մարսիմ, Մարինա Տիշոյեան, Արփի Գույումճեան:
ՍՐԲՈՒՀԻ ԱԳՆԷՍ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Լենա Մարգարեան, Սալբի Գոզանեան, Արփի Կիւրիւնեան:
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՔՈԼԵՃ
Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան, դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան, Անի Պիլալեան, Անի Աղպաշեան, Հուրի Աթթարեան, Մաքրուհի Ունճեան, Վարդուկ Ֆռնըզլեան, Հռութ Եունիսէս:
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՔՍՈՐ ԳԱՍԱՐՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Կարօ Աղազարեան, Մարիա Նաճարեան-Ինճէեան, Նազելի Խաչերեան-Աւագեան
ԴԱՐՈՒՀԻ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Պարոյր Աղպաշեան, Սալբի Ճուլֆայեան:
ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃ
Անի Բագրատունի, Սրբուհի Ճենանեան, Սիլվա Ներսէսեան, Վարդուկ Դանիէլեան, Թամար Ստեփանեան, Սեւան Դանիէլեան, Թալին Օրտողլեան:
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Պարգեւ Սամուէլեան, Լենա Ճորճեան, Մարլեն Քիւչիւքեան, Անի Գալէնտէրեան, Նաթալի Շանլեան, Լենա Հաճէքեան, Նազիկ Քեչեճեան:
ԼԵՒՈՆ Կ. ՆԱԶԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Ալիս Իփրաճեան, Օսան Առաքելեան, Հայարփի Ճերեճեան, Յասմիկ Տեմիրճեան:
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Անի Պիլալեան, Անի Տագէսեան, Միրէյ Մարտիրոսեան, Նայիրի Տաղլեան եւ Յաւերժ Շխրտըմեան:
ՄԵԼԱՆՔԹՈՆ ԵՒ ՀԱՅԿ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆ
Անի Բագրատունի, Թամար Գասապեան, Նելլի Կէօնիւլեան, Հուրի Ղազարեան, Շուշիկ Թորոս, Ալին Քեչեպաշեան, Աբիկ Աբրահամեան, Սիլվա Թապագեան, Ցոլեր Շխրտըմեան, Մարինա Համամճեան:
ՍՐԲՈՑ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Կարօ Առաքելեան, Զապէլ Ֆերմանեան, Նորա Սողիկեան, Թալին Պէրէճիքլեան, Թամար Քէշիշեան, Նանոր Սարգիսեան, Սիպիլա Մալեան:
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Ռոզա Սունկուլեան, Գոհար Եմենեան, Շողիկ Եփրեմեան, Սօսէ Գասպարեան-Գրիգորեան, Վերժին Սաաթճեան, Ալիս Հալլաճեան-Պոյաճեան, Շողիկ Հանտեան-Խաչերեան, Թամար Յակոբեան-Եալմանեան, Վաչէ Թազեան:
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՇԱՄԼԵԱՆ-ԹԱԹԻԿԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Ծովիկ Պետրոսեան, Արփի Շարլաթեան, Արփի Գույումճեան, Մարալ Թորոսեան, Սեդա Գիլեճեան:
ՊՕՂՈՍ ԿԱՐՄԻՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Մանուշակ Ալեքսանեան, Անի Պոզոյեան, Մարալ Գրտոքեան, Մեղեդի Տէր Սարգիսեան, Սոնիա Տէյիրմենճեան, Լենա Պասմաճեան:
ԱԶԳԱՅԻՆ ՌՈՒԲԻՆԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Յակոբ Կէրկէրեան, Ազնիւ Ալթունեան, Զարմինէ Կանաչեան-Ասմինեան, Մարալ Մուղալեան, Յասմիկ Կէօքէօզեան:
ՍԱՀԱԿԵԱՆ-Լ. ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ ՔՈԼԵՃ
Մարօ Շորճեան
Ս. ԽԱՉ-ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Մարգրիտ Ազատեան, Ալին Գուրամաճեան, Մարինէ Կիւլիւմեան, Նաթալի Թոսունեան, Փոլին Սեֆերեան:
ԱԶԳԱՅԻՆ Ս. ԽԱՆԱՄԻՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Վարդինէ Էթոյեան-Եագուպեան, Տիրանուհի Մարգարեան-Կարապետեան, Դալար Լեհիմճեան, Ֆլորա Ժիլ Գէորգեան-Նաշալեան
ԱԶԳԱՅԻՆ ԼԵՒՈՆ ԵՒ ՍՈՖԻԱ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ՔՈԼԵՃ
Վիգէն Աւագեան, Անի Մանուկեան, Մատլեն Վարդանեան:
ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Աւետիս Տիպան, Ռիթա Թամուքեան, Շաքէ Տոնպուրեան, Սիլվա Պոզոյեան:
ԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Մարալ Խաչերեան, Սոնա Եողուրտճեան, Սալբի Մարսիմ: