Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանին Գտնուող Ջողասի Ջրամբարի Շահագործումը Ժամանակաւորապէս Դադարեցուած Է

Ջողասի ջրամբարի արհեստաբանական եւ ճարտարագիտական լուծումները թոյլ կու տան շահագործել զայն, սակայն, հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ ջրամբարը կը գտնուի հայ-ատրպէյճանական սահմանային հատուածին, երկու կողմերու վերահսկողութեան տակ, ատոր շահագործումը ժամանակաւորապէս դադարեցուած է:

ՀՀ ԷԵԲՊՆ ջրային տնտեսութեան պետական կոմիտէի մամուլի ծառայութեան հաղորդմամբ` ջրամբարը կը գտնուի ՀՀ Տաւուշի մարզին մէջ` Ջողասի (Ոսկեպարի ստորին հոսանքը) միջին հոսանքին մէջ` մօտ 650 մ բարձրութեան վրայ: Այն կառուցուած է խորհրդային տարիներուն եւ շահագործման յանձնուած 1980 թուականին: Մակերեսը 2, 14 քմ²  է, առաւելագոյն խորութիւնը` 60 մ, ջրատարողութիւնը` 45 միլիոն մ³, օգտակարը` 43 միլիոն մ³: Խորհրդային տարիներուն ջրամբարի ջուրը համանուն ջրհան կայանով կը մղուէր Նոյեմբերեանի ու Իջեւանի մայր ջրանցքներ: Կ´ռոգուէր մօտ 10 000 հա հողատարածք` Հայաստանի  եւ Ատրպէյճանի սահմանամերձ հատուածներուն մէջ:

«Ինչ կը վերաբերի այն պնդումներուն, թէ ատրպէյճանական կողմը ջրհան տեղադրած է Ջողասի ջրամբարէն ներս եւ կ´օգտուի ջուրէն, ապա  հարկ է նշել, որ այդ տեղեկութիւնը չի համապատասխաներ  իրականութեան. ջրամբարէն ներս  ջրհան չկայ: Իսկ Ատրպէյճանի վարչական տարածքին մէջ ջրամբարէն դուրս եկող ջուրով ձեւաւորուած գետի հոսքին վրայ ջրհան տեղակայուած ըլլալու կամ շահագործման վերաբերեալ Ջրային տնտեսութեան պետական կոմիտէն տեղեկատուութիւն չունի»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

 

 

Scroll Up