«Նոյ» Ազգագրական Թաղամասը Պիտի Արտացոլէ Պատմականօրէն Ձեւաւորուած Ճարտարապետական Դիմագիծը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/03/noy-taghamas.png)
ՀՀ կառավարութեանն առընթեր քաղաքաշինութեան պետական կոմիտէին մէջ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն` Երեւանի մէջ «Նոյ» ազգագրական թաղամասի ներդրումային ծրագիրով նախատեսուած տարածքի կառուցապատման նախագիծերու մշակման վերաբերեալ, որ վարած է Կոմիտէի նախագահ Նարեկ Սարգսեանը:
Խորհրդակցութեանը մասնակցած են Ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան Հայաստանի ազգային համալսարանի ճարտարապետութեան բաժանմունքի տնօրէն Սարգիս Թովմասեանը, ամպիոնի վարիչ, փրոֆէսոր Կարէն Ռաշիդեանցը, քաղաքաշինութեան ամպիոնի փրոֆէսոր Աշոտ Կանայեանը եւ ՀՀ ԿԱ քաղաքաշինութեան պետական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արտաւազդ Թարխանեանը: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութեանն առընթեր քաղաքաշինութեան պետական կոմիտէի մամուլի ծառայութենէն:
ՀՀ կառավարութեանն առընթեր քաղաքաշինութեան պետական կոմիտէի կողմէ մշակուած ծրագիրով Դալմայի այգիներուն յարող տարածքին մէջ կը նախատեսուի ստեղծել Հայաստանի տարբեր տարածաշրջաններու քաղաքային եւ գիւղական բնակավայրերու ազգային աւանդոյթներուն ու պատմականօրէն ձեւաւորուած ճարտարապետական դիմագիծին բնորոշ ազգագրական թաղամաս` բնակելի տուներով, հիւրանոցներով (հիւրատուներով), ինչպէս նաեւ նկարչութիւնն ու ազգային արհեստները (գորգագործութիւն, դարբնագործութիւն, կաւագործութիւն, յուշանուէրներու պատրաստում եւ այլն) ներկայացնող ցուցասրահներով:
Ծրագիրին նախորդած են Կոմիտէի ու Ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան Հայաստանի ազգային համալսարանի մասնագէտներու կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւնները` Հայաստանի տարբեր բնակավայրերուն (Գորիս, Դիլիջան, Աշտարակ եւ այլն) բնորոշ «հայկական տան» օրինակներու վերաբերեալ։ Ի դէպ, նախատեսուող տարածքի կառուցապատման էսքիզային լուծումները մշակուած են Ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան Հայաստանի ազգային համալսարանի մասնագէտներու կողմէ` ուսանողներու մասնակցութեամբ: Ազգագրական թաղամասի նախագծային փաստաթուղթերու մշակման աշխատանքները նոյնպէս պիտի իրականացուին համալսարանի ուժերով:
Ներդրումային ծրագրի իրականացումը պիտի նպաստէ տարածաշրջանին մէջ մշակութային զբօսաշրջութեան յետագայ զարգացումին ու երկրի ճանաչելիութեան բարձրացումին: