Հայ Կանայք Էական Դեր Կատարած Են Թուրքիոյ ՄԷջ Ձախակողմեան Շարժման Զարգացման Գործին ՄԷջ. Թրքական Պարբերական
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/03/kin.jpg)
Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսած է «Կանայք միշտ կային. կին կերպարներ Թուրքիոյ ձախակողմեան շարժումներուն մէջ» վերնագիրով ժողովածուն, որուն մէջ տեղ գտած են նաեւ հայ կանանց նուիրուած յօդուածներ: Այդ մասին, ըստ Akunq.net-ի, կը հաղորդէ թրքական Bianet.org կայքը:
Աղբիւրին փոխանցմամբ, ժողովածուն կը սկսի 1877 թ. ծնած եւ 1915 թ. Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ սպաննուած ընկերվարական հայ կին, ֆեմինիսթ եւ քաղաքական գործիչ Մարի Պէյլերեանին նուիրուած յօդուածով:
Ժողովածուին մէջ ընդգրկուած է նաեւ Թուրքիոյ ֆեմինիսթներէն ամենայայտնի պոլսահայ արձակագիր Զապէլ Եսայեանի վերաբերեալ յօդուածը:
Մարի Պէյլերեանի մասին յօդուածը հեղինակած է Քայուշ Չալըքման Կաւրիլոֆը, իսկ Զապէլ Եսայանինը` Մելիքէ Քոչաքը: