Հայկական Ժողովրդական Երգ Ու Պար` Քիեւի Միջազգային Օդակայանին ՄԷջ. տեսանիւթ

Մարտ 4-ին Քիեւի միջազգային «Պորիսոփոլ» օդակայանին մէջ ներկայացուած են հայկական պարի հազարամեայ աւանդոյթները:
«Հայերն այսօր»-ը, յղում կատարելով analitikaua.net կայք-էջին, կը յայտնէ, որ նման նուէր Քիեւի բնակիչներուն եւ հիւրերուն մատուցած են Քիեւի հայկական համայնքի ներկայացուցիչները: Քաղաքի հայկական համայնքի ժողովրդական երգի ու պարի «Հայրենիք» խումբի անդամներն իրենց վարպետութիւնը ցուցադրած են օդակայանի սրահին մէջ: Միաժամանակ քաղաքի հիւրերուն հայկական ժողովրդական երգեր ներկայացուցած է Արտակ Մելքոնեանը:
Հայկական խումբը ֆլեշ-մոպի հերթափոխը վերցուցած է Ուքրանիոյ Փաւել Վիրսկիի անուան պարի ազգային ակադեմական վաստակաւոր խումբէն եւ փոխանցած` «Գնչուական մեղեդիներ» խումբին:
Ֆլեշ-մոպի նպատակն է օտարերկրացիներուն ծանօթացնել Ուքրանիա ապրող ազգութիւններու մշակոյթներուն հետ: