Ասթանայի Հայկական Համայնքին ՄԷջ Տօնած Են Մարտի 8-ը

Ճիշդ է, մինչ Մարտի 8 դեռ քանի մը օր կայ, բայց Ասթանայի հայկական համայնքը կանանց տօնին նուիրուած ձեռնարկ մը կազմակերպած էր, որուն կը մասնակցէին հայկական կիրակնօրեայ դպրոցի սաները, «Վան» հայկական մշակութային կեդրոնի եւ «Նայիրի» պարային խումբի անդամները:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն համայնքէն, այսպէս միասին համայնքը կը հաւաքուի յատկապէս շաբաթ եւ կիրակի օրերը: Ի հարկէ, կարելի էր սպասել մինչեւ յաջորդ կիրակի, բայց սիրելի մայրիկներուն, ուսուցիչներուն, տատիկներուն եւ քոյրիկներուն շնորհաւորելու ցանկութիւնը այնքան մեծ էր, որ որոշեցին նախապէս տօնական տրամադրութիւն հաղորդել կանանց ու աղջիկներուն:
Ելոյթ ունեցան կիրակնօրեայ դպրոցի սաները, շնորհաւորանքի խօսքեր ըսին կանանց ու աղջիկներուն: Լարիսա եւ Տիաննա Սողոյեանները երգեցին «Մայրիկիս», իսկ Օֆելիա եւ Օլիա Կատուալեանները` «Շնորհակալութիւն մայրիկիս» երգերը: Սպարտակ Ռոզիկեանն ալ երաժշտական շնորհաւորանք մը պատրաստած էր. ան սաքսոֆոնով կատարեց հայկական հոգեթով մեղեդիներ:
Բոլոր աղջիկներուն եւ կանանց շնորհաւորեց նաեւ Ասթանայի հայկական դպրոցի ուսուցչուհի Հայաստան Մնէյեան եւ բոլորին վարդեր նուիրեց: Երեխաներն ալ իրենց նկարած նկարները նուիրեցին: Կանանց իրենց տօնին առթիւ շնորհաւորեց նաեւ Ասթանայի հայկական համայնքի նախագահ Սահակ Սալումեան: Երկար ժամանակ դահլիճին մէջ կը թեւածէր տօնական բարձր տրամադրութիւն: