Ս. Ղեւոնդեանց Տօնին Առթիւ Ֆրանսայի Հայ Հոգեւորականներու Հաւաք
Կիրակի 19 Փետրուարի յետմիջօրէին Հայ Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի Թեմի զանազան ծուխերէն կարգ մը հոգեւորականներ արդէն սկսան ժամանել ՍէնթԷթիէնի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, որ պիտի հիւրընկալէր Ս. Ղեւոնդեանց տօնին առթիւ այս տարուան հոգեւորականներու հաւաքը։ 5-րդ դարուն Ղեւոնդ Երէց եւ իր հոգեւորական ընկերակիցները կարեւոր դեր խաղացին Աւարայրի ճակատամարտին, պաշտպանելու համար հայկական ինքնութիւնն ու քրիստոնէական հաւատքը։ Ղեւոնդ եւ իր ընկերակիցները մարտիրոսացան Աւարայրի ճակատամարտի ընթացքին։ Անոնք եղան հայ հոգեւորականութեան պաշտպան սուրբերը։ Այս մասին Հայերն այսօր-ին կը հաղորդեն Ֆրանսայի Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդարանէն:
Հոգեւորականներու խոկումի հաւաքը սկսաւ Կիրակի երեկոյեան աղօթքով, ապա Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Վահան Եպս. Յովհաննէսեան բարիգալստեան խօսք ուղղեց, որմէ ետք տեղի ունեցաւ Աստուածաշունչի սերտողութիւն, վեր առնելով հոգեւորականին դերը ժողովուրդը առաջնորդելու դէպի ճշմարտութիւն։ Երեկոն աւարտեցաւ աւանդական հանգստեան ժամով։ Յաջորդ օրուան երեք նիստերը կեդրոնացան ծրագրումի, վարչական եւ հովուական նիւթերու վրայ։ Հոգեւորականները վերստին կարդացին թեմական եւ ծխական կանոնագրութիւնները եւ քննարկեցին Եկեղեցւոյ կարգ մը էական ծրագիրները ֆինանսաւորելու կարելիութիւնները։ Հոգեւորականներու հաւաքը աւարտեցաւ երրորդ օրը՝ Երեքշաբթի առաւօտեան պատարագով Ս. Ղեւոնդեանց տօնին առթիւ։ Շնորհակալութիւն Տ. ՍահակՔհնյ. Ղարիբեանին եւ ՍէնթԷթիէնի ծուխին, որոնք հիւրընկալեցին այս յաջող հաւաքը։