Վարդանանց Տօնը Փարիզի Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Հինգշաբթի 23 Փետրուարին, ժամանակակից պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Վարդանանց եւ Աւարայրի ճակատամարտի տօնը նշուեցաւ երեկոյեան, Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագեց Մայր եկեղեցւոյ գրադարանի տնօրէն Հոգշ. Տ. Ժիրայր Ծ. Վրդ. Թաշճեան։ Պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ Հայրապետական Մաղթանք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի անուանակոչութեան առթիւ, հանդիսապետութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Վահան Եպս. Յովհաննէսեանի։ Առաջնորդական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աբղ. Խաչատրեան եւ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Սարգսեան եւս կը մասնակցէին պատարագին եւ հայրապետական մաղթանքին։ Ապա «Նուրհան Ֆրէնկեան» սրահին մէջ յատուկ յայտագիր մը գործադրուեցաւ։ Այս մասին Հայերն այսօր-ին կը հաղորդեն Ֆրանսայի Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդարանէն

234

Scroll Up