Քուէյթի Եւ Շրջակայից Առաջնորդ` Մասիս Ծ. Վրդ. Եւ Ազգային Իշխանութեան Ներկայացուցիչները Այցելեցին Վեհափառ Հայրապետին

Հինգշաբթի, 2 մարտ 2017-ի առաւօտուն, Անթիլիասի մայրավանք այցելելով, Քուէյթի եւ շրջակայից առաջնորդ Մասիս Ծ. վրդ. Զօպուեան եւ Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչները աշխատանքային հանդիպում մը ունեցան Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ: Հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան թեմին առնչուած շարք մը հարցեր ու ծրագիրներ:

Յատուկ քննարկումի նիւթ դարձաւ Քուէյթի մէջ շինութեան ու վերանորոգութեան ընթացքին մէջ գտնուող եկեղեցին ու Ազգային առաջնորդարանը: Անոնք համակարգիչի ճամբով վեհափառ հայրապետին ցոյց տուին կատարուած աշխատանքներուն զանազան փուլերը եւ յայտնեցին, որ աշխատանքները դրական ընթացքի մէջ են եւ իրենց աւարտին պիտի հասնին յառաջիկայ ամիս: Ճշդուեցաւ եկեղեցւոյ օծումը եւ Ազգային առաջնորդարանի բացումը կատարել ուրբաթ, 19 մայիսին:

Արամ Ա. կաթողիկոս բարձր գնահատեց առաջնորդ հայր սուրբին ու Ազգային իշխանութեան եւ քոյր միութիւններուն կողմէ կատարուած հետեւողական ու միացեալ աշխատանքը, յատկապէս անցնող վերջին տարիներու ընթացքին եւ իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ Քուէյթի եւ շրջանի հայ ժողովուրդի զաւակներուն:

Scroll Up