Արցախ Են Հայաստանի Բարձրաստիճան Դիւանագէտները` Նալպանտեանի Գլխաւորութեամբ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան այսօր ընդունած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնական կառոյցի եւ դիւանագիտական մարմնի ներկայացուցիչները` արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեանի գլխաւորութեամբ:

Ըստ ԱՀ  նախագահի պաշտօնական կայքէջին, հանդիպման անդրադարձ եղած է երկու հայկական Հանրապետութիւններու քաղաքականութեան, ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման եւ տարածաշրջանային գործընթացներուն:

Բակօ Սահակեան նշած է, որ նման այցելութիւնները դարձած են աւանդական եւ կը կրեն պարբերական բնոյթ` կարեւորելով ատոնց նշանակութիւնը Արցախի եւ Հայաստանի արտաքին քաղաքական ոլորտին մէջ փոխգործակցութեան խորացման տեսանկիւնէ:

Հանդիպման ընթացքին Բակօ Սահակեան Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչման գործընթացին մէջ ունեցած նշանակալի աւանդին համար Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան համակարգի խումբ մը դիւանագէտներ պարգեւատրած է ԼՂՀ պետական պարգեւներով:

Scroll Up