«Կեանք Ու Կռիւ» Շարժանկարը Ցուցադրուեցաւ Ամերիկայի ՄԷջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/02/կյանք-ու-կռիվ-1.jpg)
Յունուար 16-ին Պոսթընի հայ մշակոյթի եւ կրթական կեդրոնի «Հրայր եւ Աննա Յովնանեան» սրահին մէջ ցուցադրուեցաւ այդքան սպասուած «Կեանք ու կռիւ» ֆիլմը (հայերէն, անգլերէն ենթագրերով):
ՀՀ անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած «Կեանք ու կռիւ» ֆիլմի բերմադրիչն ու սենարիստը Մհեր Մկրտչեանն է, վաւերագրող բեմադրիչը` Էդուարդ Համբարձումեանը, բեմադրող տնօրէնը` Վահագն Տէր-Յակոբեանը: Ֆիլմին դէպքերը, որոնք կը ներկայացնեն սիրոյ եւ հայրենասիրութեան հրաշալի պատմութիւն մը, տեղի կ´ունենան Արցախեան պատերազմի տարիներուն եւ Երեւանի մէջ` 90-ականներու սկիզբը:
Ֆիլմն ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Ամերիկայի մէջ, յաջողութեամբ ցուցադրուած եւ կը շարունակուի ցուցադրուիլ: «Արդէն 3 ամիս է` կը ցուցադրուի Լոս-Անճելըսի մէջ, մէկ օր ցուցադրուած է Նիւ Եորքի, Ուաշինկթընի, Պոսթընի մէջ, կը ցուցադրուի նաեւ Նիւ
ճըրսիի եւ Ֆիլատելֆիոյ թատրոններուն մէջ,- մեր զրոյցի ժամանակ ըսաւ Սամուէլ Յովհաննիսեան (ֆիլմի ներկայացուցիչը Ամերիկայի մէջ):
Պատահական չէ, որ «Անահիտ» մրցանակաբաշխութեան ֆիլմը ներկայացուած էր 8 անուանակարգերու մէջ եւ «Անահիտ» մրցանակ ստացաւ` որպէս լաւագոյն խաղարկային ֆիլմ, լաւագոյն բեմադրող (Վահագն Տէր-Յակոբեան), լաւագոյն դերասան (Սամուէլ Թադեւոսեան):
Ֆիլմն այնքան բնական ու համահունչ է, որ հանդիսատեսն իրմէ անկախ կը վերապրի ցուրտ ու մութ տարիներու ծանր օրերը: Միաժամանակ յուզմունքով, բայց հարազատ ջերմութեամբ մը հանդիսատեսը կը «ճանապարհորդէ» հերոսին` Տիգրանին հետ: Ականատես կ´ըլլայ, թէ ինչպէս ազնիւ ու ամչկոտ պատանին կը վերածուի Արցախեան պատերազմի քաջ զինուորի, կ´ապրի անոր հետ միասին ցաւ ու ափսոսանք, սէր ու յուզմունք:
Միակ բանը, որ կը խորհիս ֆիլմին աւարտէն ետք` կրկին նայելու ցանկութիւնն է, հայերու հետ յաճախ շփուելու, հայկականը պահպանելու գիտակցութիւնն է յատկապէս օտար ափերու վրայ:
Տօն է այսօր հոգիիս համար, բացի ֆիլմէն, հնարաւորութիւն ունեցայ ծանօթանալու Պոսթընի հայ մշակոյթի եւ կրթական կեդրոնին մէջ կամաւոր աշխատող կիրթ ու համեստ հայրենակիցներուս` Թաթուլ Պատալեանի (երգիչ Յովհաննէս Պատալեանի եղբօրորդին), Արա Սարգսեանի, Մարտին Յարութիւնեանի, Սամուէլ Յովհաննիսեանի հետ: Առնչուած անոնց հայապահպան գործունէութեանն ու ընթացիկ խնդիրներուն, այցելել դպրոցի հայոց լեզուի դասարանը:
Եւ այսպէս կը շարունակուի կեանքը եւ, դժբախտաբար, կռիւը:
Անհամբեր կը սպասենք «Կեանք ու կռիւ» ֆիլմի 2–րդ մասի ցուցադրութիւնը:
Ամալիա Իսայեան, ԱՄՆ
Աղբիւրը` «Հայերն այսօր»