ԱՄՆ-ի Վաչէ Եւ Թամար Մանուկեան Վարժարանը Տօնեց Տեառնընդառաջը

14 Փետրուար, 2017 Երեքշաբթի օր միջօրէին, ՀԲԸ Միութեան Լոս Անճելըսի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան վարժարանը, գարնանամուտի խանդավառ մթնոլորտի մէջ տօնեց Տեառնընդառաջը:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ Նորայր Դադուրեան, վարժարանի աւանդական հանդէսը սկսաւ խարոյկ վառելով: Բոլոր աշակերտները հայկական դհոլի եւ զուռնայի տոհմիկ հնչիւններու տակ, շուրջ պար պարեցին: Ապա կարգը աւարտականներուն եկաւ, քանզի անոնց վերապահուած էր կրակին վրայէն ցատկելու հաճոյքը: Մեր շրջանաւարտցուները զոյգեր կազմած, երբեմն ալ ուսուցիչներուն թեւը մտած, անցան բոցին վրայէն, յուսալով, որ իրենց փափաքը կ´իրականանայ:

Նշենք, թէ վարժարանի աշակերտութիւնը քաջատեղեակ է Տռնդէզ (Տեառնընդառաջի) հոգեւոր պատմութեան եւ աւանդութեան: Հանդէսի նախօրեակին դասարաններուն մէջ հայերէնի ուսուցիչները պատմական բացատրութիւններ կու տան անոր մասին եւ ցոյց կու տան Հայաստանի զանազան քաղաքներու մէջ (Կապան, Էջմիածին, Երեւան, ելն.) կատարուած Տեառընդառաջի ծիսակատարութիւնները:

%d5%bf%d6%80%d5%b6%d5%a4%d5%a5%d5%a6%d5%bf%d6%80%d5%b6%d5%a4%d5%a5%d5%a61 %d5%bf%d6%80%d5%b6%d5%a4%d5%a5%d5%a62 %d5%bf%d6%80%d5%b6%d5%a4%d5%a5%d5%a64

 

Scroll Up