Բուն Բարեկենդանին Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Կիրակնօրեայի Փոքրիկները
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/02/Paregentan_22617.jpg)
Կիրակի, 26 փետրուար 2017-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ նշուեցաւ Բուն բարեկենդանի տօնը: Սուրբ եւ անմահ պատարագէն ետք, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց մայրավանքի կիրակնօրեայ վարժարանի փոքրիկները, որոնք վեհափառին ներկայացան ծպտուած ու դիմակաւորուած:
Վեհափառ հայրապետը իր գնահատական խօսքին մէջ գնահատեց կիրակնօրեայ վարժարան յաճախող մանուկներն ու անոնց պատասխանատուները եւ շեշտեց քրիստոնէական դաստիարակութեան անհրաժեշտութիւնը հայ ընտանիքներու կեանքին մէջ: Այս առիթով վեհափառ հայրապետը քաջալերեց եւ իր գնահատանքը յայտնեց փոքրիկներու ծնողներուն, որովհետեւ իրենց զաւակները վստահութեամբ կ՛առաջնորդեն դէպի կիրակնօրեայ վարժարան, որպէսզի եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ ստանան քրիստոնէական ու հայեցի կրթութիւն: