Ազգային Ֆերահեան Վարժարանի Աշակերտները՝ Մրցանակակիրներ

Ասպարէզ- Արեւմտեան Ամերիկայի Համազգայինի թատերական միաւորը, 2016ի Սեպտեմբեր 28, 29 եւ 30ին, գաղութի հայկական վարժարաններու աշակերտներուն համար պատրաստած էր «Ծաղկամանին Գաղտնիքը» խորագիրով թատերգութիւն մը, որ տեղի ունեցաւ Barnsdall Gallery Theatre-ին մէջ, եւ որուն ներկայ եղան Ազգային Ֆերահեան վարժարանի միջնակարգ եւ երկրորդական կարգերու աշակերտները:
Համազգայինի թատերականին հետապնդած նպատակն էր աշխուժացնել արուեստը եւ անոր ընդմէջէն՝ հայկական մշակոյթն ու յատկապէս հայ լեզուն տարածել երիտասարդութեան մէջ:
Անցնող երկու ամիսներուն, Արեւմտեան Ամերիկայի Համազգայինի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ նոյն թատերախաղին մասին շարադրական մրցում մը, որուն մասնակցեցան գաղութի հայկական վարժարաններէն աշակերտներ:
Մնալով հաւատարիմ նոր սերունդի մատղաշ միտքերը ազգային շունչով դաստիարակելու եւ հայախօս սերունդ պատրաստելու իր առաքելութեան՝ Ազգային Ֆերահեան վարժարանի միջնակարգէն եւ երկրորդականէն աշակերտներ եւս մասնակցեցան այս մրցումին՝ ապահովելով առաջին եւ երրորդ դիրքերը:
Ուրախութեամբ կը յայտարարենք Ազգային Ֆերահեան վարժարանի մրցանակակիրներուն անունները.
6րդ կարգէն՝ Սերա Խաֆարտեան, առաջին դիրք
7րդ կարգէն՝ Խաչիկ Չուխաճեան, երրորդ դիրք
8րդ կարգէն՝ Թալին Քրիւմեան, առաջին դիրք
9րդ կարգէն՝ Նանօր Սէրայտարեան, առաջին դիրք։
Ազգային Ֆերահեան վարժարանի տնօրէնութիւնը մեծ հպարտութեամբ կը շնորհաւորէ վարժարանի մրցանակակիր աշակերտները եւ յաւելեալ թափով կը շարունակէ իր դրոշմը դնել ապագայի հայ սերունդի հայկական շունչն ու ոգին ամրապնդելու գործին մէջ։
ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ