62.000 Ամերիկեան Տոլարի Նուիրահաւաք` Ի Նպաստ Լօխ-Ի Ծրագիրներուն

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան յարաբերական յանձնախումբին երեքշաբթի, 21 փետրուար 2017-ին  «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ կազմակերպած տարեկան  ճաշկերոյթի ձեռնարկը պսակուեցաւ մեծ յաջողութեամբ:

Ձեռնարկը իրագործուեցաւ շնորհիւ   ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեան, Ալիս Պօղոսեանի նախագահութեան եւ   յարաբերական յանձնախումբին կազմակերպութեան:

Մեծաթիւ ներկաներ, ըլլան անոնք ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, դեսպանատուներու, միութիւններու, քաղաքապետութիւններու ներկայացուցիչներ, ԼՕԽ-ի բարեկամներ թէ խաչուհիներ` հաւատալով ԼՕԽ-ի առաքելութեան եւ բարեսիրական գործին, անգամ մը եւս իրենց ներկայութեամբ եւ քաջալերանքով նեցուկ կանգնեցան Լիբանանահայ օգնութեան խաչին:

Իրագործուած ձեռնարկը աննախընթաց էր ե՛ւ ներկայութեամբ, եւ անկէ գոյացած հասոյթով:

Հակառակ երկրին մէջ տիրող տնտեսական դժուարութիւններուն, շուրջ 300 հայուհիներ, անգամ մը եւս համախմբուելով ԼՕԽ-ի հովանիին տակ, իրենց զօրակցութիւնն ու նիւթական աջակցութիւնը ունեցան 87-ամեայ այս կազմակերպութեան եւ ի նպաստ անոր կրթական թէ ընկերային ծրագիրներուն յաջողութեան իրենց քսակները լայն բանալով, Լիբանանահայ օգնութեան խաչին նուիրեցին 62.000 ամերիկեան տոլար:

Անկասկած, կանացի այս կազմակերպութեան տարեկան ճաշկերոյթին յաջողութեան գաղտնիքը  կը կայանայ հայ ժողովուրդին ԼՕԽ-ի հանդէպ ունեցած վստահութեան, անոր մարդասիրական ծրագիրներուն նկատմամբ հաւատքին եւ առաքինի գործունէութեան կատարելագործման մէջ:

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը այս առիթով կու գայ իր երախտագիտութիւնը յայտնելու իրագործուած դրամահաւաքին բոլոր մասնակիցներուն: Երախտագէտ է  ձեռնարկին յաջողութեան ի խնդիր գործած իւրաքանչիւր հայորդիի, հայ թէ օտար հաստատութիւններու տրամադրած նիւթական եւ այլ յատկացումներուն համար եւ վերջապէս իրենց ներկայութեամբ ու նուիրատուութեամբ ճաշկերոյթը հարստացուցած իւրաքանչիւր հայուհիի:

Վարձքը կատար նաեւ կամաւոր բոլոր խաչուհիներուն, որովհետեւ առանց անոնց ժրաջան աշխատանքին, կարելի պիտի չըլլար այս ձեռնարկը իրագործել:

ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Scroll Up