Շրջանաւարտութեան Յատուկ Եռագոյն Ծոպեր՝ Ի Սպաս Հայրենի Դպրոցին

Ասպարէզ-Անցեալ տարի, Համահայկական ուսանողական միութեան (All-ASA) ջանքերով կարելի եղած էր շրջանաւարտութեան յատուկ՝ աւելի քան 100 Եռագոյն ծոպեր վաճառել. վաճառքէն գոյացած մօտաւորապէս 1000 տոլար հասոյթը տրամադրուեցաւ Հայաստանի սահմանամերձ Բաղանիս գիւղին մէջ «OneArmenia» կազմակերպութեան կողմէ մշակուող մեղուաբուծութեան նախաձեռնութեան։

0000All ASA tricolor1Անցեալ տարուան ծրագիրին ստեղծած խանդավառութենէն մեկնած՝ այս տարի եւս նման ծոպեր պիտի ծախուին։ Յատկանշական է, որ Հայաստանի գիւղական շրջաններու տնտեսութեան նեցուկ կանգնելու նպատակով, նշեալ ծոպերը կը պատրաստուին Ստեփանաւան գիւղին մէջ, Հայաստանի մէջ արտադրուած թելերով։

Նաեւ, որոշուած է այս տարուան նախաձեռնութեան հասոյթը տրամադրել սահմանային Մեդովկա գիւղի դպրոցը նորոգելու եւ մարզարան մը ու գրադարան մը կառուցելու ջանքերուն։

Նորոգութեան այս աշխատանքը իրականացնելու պարտականութիւնը ստանձնած է Համահայկական ուսանողական միութեան Հայրենի նախաձեռնութիւններու յանձնախումբը, որուն անդամներէն մէկը՝ Խաչիկ Չուխաճեան, որ նաեւ ՀՅԴ «Շանթ» ուսանողական միութեան անդամ է, ներկայիս կը դասաւանդէ այդ վարժարանին մէջ։

Կը խնդրուի ապսպրանքները կատարել մինչեւ Մարտ 19, այցելելով www.all-asa.org/gradcords կայքէջը։

Scroll Up