«Արագիլի» Շնորհիւ Վերարտադրողական Խնդիրներով Անապահով Զոյգերը Պիտի Վայելեն Ծնող Դառնալու Բերկրանքը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2013/11/specials.jpg)
«Արագիլ» վերարտադրողական բժշկութեան աջակցութեան հիմնադրամը յաջողութեամբ կը շարունակէ իր «թռիչքը»:
Վերարտադրողական բժիշկութեան կարիք ունեցող, հիմնադրամին դիմած շուրջ 300 զոյգ կը սպասէ իր հերթին: «Արմէնփրէս»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին ուրախութեամբ նշած է հիմնադրամի բժշկական փորձագէտ Կարինէ Թոխունցը, որ իրենց դիմող զոյգերու թիւը օրէ օր կ’աւելնայ:
«Հիմնադրամը փորձում է առաջին հերթին օգնել սոցիալապէս անապահով զոյգերին, ովքեր ունեն մեծ ցանկութիւն երեխայ ունենալու, սակայն չունեն համապատասխան գումար առողջապահական ծառայութիւններից օգտուելու համար»,-պատմած է մանկաբարձ-կնոջաբանը: Անոր խօսքով, հիմնադրամի առանձնայատկութիւնը այն է, որ վերարտադրողական խնդիրներու բուժման ժամանակակից մեթոտը հասանելի է ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ Արցախի անապահով
ընտանիքներուն համար:
Հիմնադրամ դիմած զոյգերը, համապատասխան հետազօտութիւններ անցնելէ եւ բժշկական ցուցումներ ստանալէ ետք, Աշխատանքի եւ ընկերային ապահովութեան նախարարութեան միջոցով կ’ուղեգրուին չորս վերարտադրողական կեդրոններէն մէկը, որոնց հետ կ’աշխատի հիմնադրամը:
«Արագիլ»-ի գլխաւոր ձեռքբերումներէն մէկն այն է, որ 25-ամեայ Քնարիկ Վարդանեան եւ Մարտուն Պօղոսեան ամուսնական զոյգը ունեցած է եռեակ:
Հիմնադրամի օգնութեամբ նուիրաբերուած 1 միլիոն 486 հազար 900 դրամի շնորհիւ 2013 թուականի մարտ 5-ին կատարուած է արհեստական բեղմնաւորում, եւ 2013 թուականի հոկտեմբեր 26-ին Վերարտադրողական առողջութեան, Perinatalogy, մանկաբարձութեան եւ կնախտաբանութեան հանրապետական հիմնարկին մէջ կեսարեան հատման միջոցով Քնարիկը ծննդաբերած է Տիանային, Աննային եւ Էլէնին:
Մասնագէտը շեշտած է, որ փոքրաթիւ բնակչութիւն ունեցող պետութիւններու համար ժողովրդագրական իրավիճակի բարելաւումը ոչ միայն առողջապահական, այլեւ սոցիալական խնդիր է, որուն եւ միտուած է հիմնադրամի աշխատանքը:
«Նախկինում նման աջակցութիւն չկար, իսկ այսօր մենք սերտացնում ենք մեր համագործակցութունը կառավարութեան հետ` նպատակ ունենալով բարձրացնել եւ խրախուսել բնակչութեան աճը»,- աւելցուցած է Թոխունցը:
«Արագիլ» վերարտադրողական բժշկութեան աջակցութեան հիմնադրամը շահոյթ չհետապնդող կազմակերպութիւն է, որ հիմնադրուած է 2011 թուականին:
Հիմնադրամի շնորհանդէսը կայացած է 2013 թուականի հոկտեմբերի սկիզբը վերարտադրողական Հայկական Միութեան 10-րդ համագումարի ծիրէն ներս:
Հիմնադրամի նպատակն է աջակցիլ Հայաստանի ժողովրդագրական խնդիրներու լուծմանը եւ վերարտադրողական բժիշկութեան կազմակերպումը: Հիմնադրամը կը գործէ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի տիկնոջ` Ռիտա Սարգսեանի բարձր հովանիի ներքոյ, որ նոյեմբեր 18-ին հանդէս եկած էր ազգային համախմբման կոչով` առաջարկելով կեդրոնացնել համայն հայութեան ջանքերը եւ աջակցութիւն ցուցաբերել այն ընտանիքներուն, որոնք կը զգան վերարտադրողական բժիշկութեան կարիքը: Հիմնադրամը կը ցանկայ համագործակցիլ բոլոր շահագրգիռ անձանց, ինչպէս նաեւ բժշկական, դեղագործական, այլ տեսակի ընկերութիւններու հետ: