Հայկական Քոնեակի Ներկայացումներ Արտերկրի Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2013/11/unnamed-22.jpg)
Նոյեմբեր 19-ին Վիեննայի Hotel de France հիւրանոցի հանդիսութիւններու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արարատ քոնեակի համտեսի ձեռնարկ: Կազմակերպիչներն էին` Աւստրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը եւ Երեւանի «Արարատ» քոնեակի գործարանը` Աւստրիոյ գինեգործական եղբայրութեան եւ գինիի ասպետներու ընկերութեան օժանդակութեամբ:
Ձեռնարկին` բացման խօսքով հանդէս եկաւ Աւստրիոյ մօտ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան Արման Կիրակոսեան: Ներկաներուն ողջունեց «Արարատ» երեւանի քոնեակի գործարանի տնօրէն Արա Գրիգորեան: Ձեռնարկին հիւրերուն ներկայացուեցաւ Հայաստանի մէջ քոնեակի արտադրութեան սկզբնաւորման եւ զարգացման պատմութիւնը, ներկայ արտադրատեսականին, ինչպէս նաեւ համտեսի մասնագիտական նրբութիւնները: Համտեսի ամբողջ ընթացքին կը հնչէր կենդանի ճազային երաժշտութիւն լիբանանահայ յայտնի ճազ դաշնակահար Յովհաննէս Ճիբեանի կատարմամբ:
Ձեռնարկին ներկայ էին Աւստրիոյ կառավարութեան, մասնաւորապէս` արտաքին գերատեսչութեան, առեւտրատնտեսական շրջաններու ներկայացուցիչներ, Վիեննայի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներ, մասնագէտ գինեգործներ, խմիչքի արտադրութեան եւ վաճառքի կազմակերպման հարցերով մասնագիտացած ընկերութիւններու ղեկավար անդամներ, լրագրողներ:
Ժամանակ մը առաջ նմանատիպ ձեռնարկ տեղի ունեցած էր Լոնտոնի մէջ: Hyatt Regency – Churchill հիւրանոցին մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը, IDS դիւանագիտական խանութի եւ ՄԹ-ի մէջ «Արարատ» քոնեակի պաշտօնական ներկայացուցիչ Vinorium ընկերութեան հետ համատեղ կազմակերպած էր հայկական քոնեակի համտեսում, որուն հրաւիրուած էին Լոնտոնի մէջ հաւատարմագրուած բազմաթիւ դիւանագէտներ եւ այլ հիւրեր:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ դեսպանութեան խորհրդական Արա Մարգարեան:
Այնուհետեւ, հիւրերուն ներկայացուեցաւ հայկական քոնեակի պատմութիւնն ու առանձնայատկութիւնները:
Յունիսին «Արարատ» քոնեակը ներառուած էր IDS դիւանագիտական գրացուցակին մէջ:
Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենյակէն: