Ախալքալաքի Զարգացման Ծրագիր Պիտի Մշակուի

Ախալքալաքի շրջանին մէջ ENPARD 2 ծրագրի ծիրէն ներս կը սկսի նոր, համապարփակ ծրագիր` ուղղուած Ախալքալաքի շրջանի զարգացման: jnews.ge կայքը կը գրէ, որ Վրաստանի գիւղատնտեսութեան զարգացման բաժանմունքը (GRDD) հանրային հարցերու վրացական հիմնարկի կից, (GIPA) համագործակցութեամբ Mercy Corps, Elva Community Engagement եւ West Cork Development Partnership կը սկսի իրականացնելու «Աջակցութիւն Ախալքալաքի գիւղերու զարգացման նոր մօտեցման» նախագիծը: Նախագիծը կը ֆինանսաւորէ Եւրոմիութիւնը: Նախագիծի պիւտճէն կը կազմէ 2 444 444 եւրօ: Ծրագիրը պիտի շարունակուի մինչ 2020-ի Ապրիլ:

Ըստ panorama.am-ի՝ Ծրագրին պէտք է մասնակցին քաղաքի համայնքները, երիտասարդները եւ կանայք: Սկիզբը պիտի ստեղծուի 30 հոգիէ բաղկացած աշխատանքային խումբ, որուն մէջ պիտի ներառուին հասարակութեան բոլոր ոլորտներու ներկայացուցիչներ: Խումբը պիտի աշխատի զարգացման առաջնահերթութիւններու որոշման վրայ: Խումբը, հաշուի առնելով շրջանի խնդիրները եւ հեռանկարները, պիտի որոշէ շրջանի զարգացման ռազմավարութիւնը, առաջնահերթութիւնները, մրցոյթ պիտի յայտարարուի եւ պիտի սկսին աշխատանքներուն գործարար նախագիծերու վրայ:

Նախագիծեր կարելի է ներկայացնել առողջապահութեան, մարմնակրութեան, մշակոյթի, զբօսաշրջութեան, գործի, ընկերային հարցերու վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ ենթակառուցուածքային եւ այլ ուղղութիւններով: Մրցոյթի միջոցով պիտի ընտրուին ֆինանսաւորուող նախագիծերը:

Scroll Up