Վարդաններու Ոգիով Պիտի Կերտենք Մեր Ժողովուրդի Վաղուան Օրը. Ահարոն Շխրտըմեան

Հարցուցէք ոեւէ հայ աշակերտի, ուսանողի, իր նախասիրած հայկական տօնը: Պատասխանը անմիջապէս եւ միանգամայն յստակ է՝ Վարդանանցը:
Անառարկելի ճշմարտութիւն: Յիշողութեանս մէջ տակաւին թարմ կը մնան դպրոցական տարիներու Վարդանանցի հանդիսութիւնները: Կարծես երէկ ըլլային անոնք: Ամպիոնի վրայ կարմիր զգեստով հայոց սպարապետին դիմանկարը, իսկ մենք՝ ոտքերը գետին զարնելով, բռունցքները բարձրացնելով՝
Հայ եմ ես, հայ եմ ես,
Սարսափեցէք իմ ձեռքէս,
Հայաստանը ազատող
Քաջ Վարդանի թոռն եմ ես:
Այո’, Քաջ Վարդանի թոռը ըլլալու անխառն հպարտութեամբ կը վերադառնայինք դպրոցէն:
Տասն եւ վեց դարեր անցած են Աւարայրի ճակատամարտէն: Ինչո՞ւ տակաւին կը խօսինք Վարդան Մամիկոնեանի մասին: Կ’ոգեկոչենք Վարդանանց տօնը:
Մեր ժողովուրդը կենաց եւ մահու բազմաթիւ գոյակռիւներ մղած է պատմութեան ընթացքին: Վարդանանցը կը տարբերէր նախորդներէն:Աւարայրի հերոսամարտը իր խորհուրդով ուղեցոյց ծառայեց հայ ժողովուրդի իրերայաջորդ սերունդներուն,մարմնաւորելով անոր ազգային ազատագրական ոգին, դառնալով հայ ժողովուրդի ազգային գիտակցութեան եւ հոգեբանութեան առանցքը:
Պատմիչ Եղիշէին կը պատկանի՝ «ժողովուրդ մը պէտք է նուաճէ իր ապրելու իրաւունքը»,- խորիմաստ արտայայտութիւնը: Աւարայրը համաժողովրդական պոռթկում էր պահպանելու մեր ինքնութիւնն ու գոյութեան իրաւունքը: Մեր ժողովուրդը օրհասական պահուն ընտրեց Աւարայրը եւ Աւարայրի նահատակներուն արեամբ կերտեց իր ազգային գաղափարախօսութիւնը: Մահ ոչ իմացեալ՝ մահ է, մահ իմացեալ՝ անմահութիւն… պատմիչ Եղիշէի՝ իմաստաւորած մահուան այս գաղափարը դարեր շարունակ ուղեկցեցաւ հայ մարդուն մինչեւ Սարդարապատ, Արցախ:
Վարդանանցը կազմաւորեց մեր ազգային նկարագիրը, իսկ Վարդանանց ոգին ուռճացուց մեր ժողովուրդին ապրելու իրաւունքը: Այդ ոգին յաջորդ սերունդներուն անեղծ փոխանցելու պատասխանատուութիւնը մեզի վստահուած է այսօր:
Մեր ազգային, հասարակական կեանքը ծանրաբեռնուած է բազմաթիւ երեւոյթներով: Ունինք արտաքին եւ ներքին թշնամիներ: Համաշխարհայնացման անդէմ հոսանքը կը վտանգէ մեր լեզուն, մեր մշակոյթը եւ կը փորձէ այլափոխել մեր ազգային դիմագիծը: Միւս կողմէ, մեր իսկ ձեռքով արշաւ մը ծաւալած ենք մայրենիին դէմ, մոռնալով, որ լեզուն եւ հաւատքն են ազգը պահողը, զայն միացնողը: Խօսքս կ’ուղղեմ մեր երիտասարդութեան. սիրելի տղաք եւ աղջիկներ, յիշեցէ’ք Խաչատուր Աբովեանի ՝ «տասը լեզու սորվեցէք, բայց ձեր լեզուն եւ հաւատքը ամուր պահեցէք»,-աղերսը:
Միտում չունիմ նսեմացնելու օտարը, սակայն անոր կողքին չմոռնանք մեր մայրենին, մեր մշակոյթը, մեր պատմութիւնն ու աւանդութիւնները: Համազգային ժառանգութիւններու հանդէպ անտարբերութիւնը մահուան սպառնալիք է սփիւռքահայութեան եւ հայրենիքին:
Միւս կողմէ, անցեալին եթէ հաւատքն էր մեր դէմ ծաւալած հալածանքին պատճառը, այսօր, մեր անտարբերութեամբ կ’ոտնակոխենք մեր սուրբերէն եւ հոգեւորականներէն ժառանգած հաւատքը: Վկայ մեր կիսադատարկ եկեղեցիները: Աղանդաւորական շարժումներ գետնառիւծի նման կը վխտան մեր շուրջ: Կրօնական դաստիարակութիւն կը դասաւանդուի՞ մեր վարժարաններուն մէջ` Լիբանան եւ ի սփիւռս աշխարհ…: Կը մեղանչենք հաւատքի դէմ:Արդեօ՞ք հայկական քանի վարժարաններու մէջ կ’երգուի «Նորահրաշ Պսակաւորը», կամ` «Թէ Հայրենեաց Պսակադիր»ը…: Քանինե՞ր արդեօք մեր ազգաշունչ երգերը կ’երգեն այսօր: Կը մեղանչենք իբրեւ ազգ եւ անհատ:
Մարդոց եւ ժողովուրդներու պատմութեան մէջ ապացուցուած է, որ հաւատքի հետեւանք են մեծ սխրագործութիւնները: Հաւատքէն կը բխին անհատներու եւ ժողովուրդներու մեծ գաղափարները: Եւ վերջապէս ին՞չ է հայրենասիրութիւնը եթէ ոչ, հաւատք դէպի ապագայ: Հաւատքէն կը ծնի ընկերոջ, բարեկամին եւ հաւաքականութեան հանդէպ նուիրումն ու ծառայութիւնը: Հաւատքը խախտած է մեր մէջ: Անտարբերութիւնը, նիւթապաշտութիւնը, մակերեսայնութիւնը եւ փառասիրութիւնը խիտ թաղանդի տակ ծածկած են մեզ` մեծամասնութեամբ: Վերադառնանք մեր արմատներուն, մաքուր ու անեղծ հաւատքին: Վարդանանց սուրբերու հաւատքով պահպանենք մեր հայրենիքը, Արցախը:
Վարդանի տիպարով ազգանուէր կերպարներ անհրաժեշտ են մեր այօրուան իրականութեան մէջ:Վարդանանց հաւատքով զօրացնենք մեր նորանկախ պետութիւնը, հայրենիքի անվտանգութեան վահան՝ ազգային բանակը:
Աւարայրի հերոսամարտը միասնականութեան խորհուրդ մը կը պատգամէ մեր ժողովուրդին: Աւարայրի ճակատամարտին մասնակցեցաւ ոչ միայն հայոց բանակը, այլեւ համայն հայ ժողովուրդը՝ իր բոլոր խաւերով: Բարոյական հզօր կամքը եւ գիտակցական բարձր ուժը պիտի յարատեւեն, որովհետեւ հայ ժողովուրդը կը մերժէ ձուլուիլ, անհետանալ այլ ազգերու նման: Աւարայրի հերոսամարտին ծառացած միասնականութեան ոգին մեզի անհրաժեշտ է ամէն օր եւ ամենուրէք:
Վարդանանց ոգիով պիտի հետապնդենք պահանջատիրական մեր պայքարը: Այդ հաւատքով պիտի պահպանենք մեր հայրենիքը, Սփիւռքը եւ Արցախը:
Վարդաններու նուիրումով եւ Վարդանանց խորհուրդով պիտի կերտենք մեր ժողովուրդի այսօրը եւ վաղը:
Յարգանք եւ պատիւ Վարդանանց նահատակներուն:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ