ԼՂ Հակամարտութեան Մէջ Յառաջընթացի Հասնելու Համար՝ Մենք Պիտի Աջակցինք Բոլոր Ջանքերուն. ԵԱՀԿ նախագահ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/02/ԵԱՀԿ.jpg)
Աւստրիան պիտի սատարէ բոլոր ջանքերուն` ուղղուած հակամարտութիւններու մէջ, ներառեալ ԼՂ հարցով յառաջընթաց արձանագրելուն:
Ըստ ՄԱԿ-ի հաղորդած տեղեկութիւններուն՝ այս մասին յայտարարած է Աւստրիոյ ԱԳ նախարար, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ Սեբաստիան Գուրցը:
«Աւստրիան պիտի աջակցի բոլոր ջանքերուն` ուղղուած Մերձտնեսդրի, Վրաստանի, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւններուն մէջ յառաջընթաց արձանագրելուն: Աւստրիան ԵԱՀԿ-ի մէջ նախագահութիւնը սկսած է շատ բարդ ժամանակաշրջանի մը: Ամէնուր լուրջ սպառնալիքներ են խաղաղութեան եւ անվտանգութեան համար»,- ըսած է ան:
Գուրցի խօսքով` ԵԱՀԿ-ի մէջ նախագահութեան շրջանին Աւստրիան պիտի փորձէ ուղիներ փնտռել` գոյութիւն ունեցող հակամարտութիւններու մէջ լարուածութիւնը նուազեցնելու, փոխադարձ աջակցութիւնը, ԵԱՀԿ անդամ երկիրներու միջեւ վստահութիւնը վերականգնելու համար: «Բազմակողմանի համագործակցութիւնը խաղաղութեան, անվտանգութեան, կայունութեան հասնելու միակ ուղին է»,- ընդգծած է ան: