Էդուարդ Նալպանտեան Հանդիպած է Ռուսաստանեան Առաջնակարգ Լրատուամիջոցներու Ղեկավարներուն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/02/62509.jpg)
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան` Ռուսիոյ Դաշնութիւն պաշտօնական այցին ծիրէն ներս՝ հիւրընկալուած է «Ռասիա Սիվոտնիա» գործակալութենէն ներս, ուր հանդիպում ունեցած է ռուսաստանեան առաջնակարգ լրատուամիջոցներու ղեկավարներու հետ:
ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութեան տեղեկութիւններով՝ հանդիպման ընթացքին նախարար Նալպանտեան ներկայացուցած է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները, հայ-ռուսաստանեան դաշնակցային փոխգործակցութիւնը, ՀՀ յարաբերութիւնները հարեւաններու, եւրոպական, ամերիկեան, ասիական եւ այլ տարածաշրջաններու երկիրներու հետ, միջազգային կառոյցներու մէջ մեր երկրի ներգրաւուածութիւնը:
ՀՀ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը մանրամասն անդրադարձած է ղարաբաղեան հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացը առաջ մղելու նպատակով համապատասխան պայմաններու ստեղծման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու կողմէն գործադրուող ջանքերուն: