ՀՕՄի «Թալին» Մասնաճիւղի Շաբաթօրեայի Աշակերտները Այցելեցին Ազգ. Առաջնորդարան
Անցած քսան տարիներուն, Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան նշանակալից դերակատարութիւն ունեցաւ շրջանէս ներս, ինչին իբրեւ արդիւնք՝ թեմը ծաղկեցաւ:
Երկու տասնամեակներու վրայ երկարող իր այս ծառայութեան առ ի յարգանք, ՀՕՄի Լա Քրեսենթայի «Թալին» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ վարժարանի տնօրէնին մտայղացումով, Շաբաթ, Փետրուար 18ին, կ.ա. ժամը 10:30ին, ընկերակցութեամբ վարժարանի ուսուցչական կազմին, օգնական կամաւորներուն, բոլոր աշակերտներուն ու անոնց ծնողներուն, մեծ հայրերուն եւ մեծ մայրերուն, ինչպէս նաեւ վարժարանը հովանաւորող ՀՕՄի «Թալին» մասնաճիւղի վարչութեան ներկայացուցիչներ՝ ատենապետուհի Լիզա Սանթիկեանի եւ Ծաղիկ Քատեանի, Շաբաթօրեայ վարժարանը այցելեց Ազգ. առաջնորդարան:
Սրբազան հօր կողքին ներկայ էին քահանաներ Նարեկ Փեհլիվանեան եւ Ղեւոնդ Քիրազեան: Այս այցելութիւնը կը զուգադիպէր նաեւ Վարդանանց տօնին: Ուստի, վարժարանի աշակերտները իրենց բարի մաղթանքներուն ու սրտի խօսքերուն կողքին, պատրաստած էին Վարդանանցի նուիրուած գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը՝ երգերով ու աշակերտական արտասանութիւններով յագեցած:
Բացման իր խօսքին մէջ, տնօրէն Գէորգ Պետիկեան շնորհակալութիւն յայտնեց այս պատեհութեան համար եւ աւելցուց. «Ազգային, մշակութային գետնի վրայ երկարամեայ ծառայութիւն ունեցող վաստակաշատ անձեր պատուելն ու պարգեւատրելը անհրաժե՛շտ է, յատկապէս՝ դաստիարակչական հեռանկարով»:
Ապա, վեր առնելով սրբազան հօր խոնջէնքը մեր գաղութէն ներս՝ տնօրէնը շնորհաւորեց զայն ու մեծապէս գնահատեց հայ եկեղեցւոյ արթուն ու օրինակելի առաջնորդը, որ հայրական գուրգուրանքով քսան տարիներէ ի վեր կը ծառայէ մեր գաղութիւն: «Ձեր ներկայութիւնը մեզ առաւել եւս կը գօտեպնդէ ու մեր հաւաքական կեանքին կը բերէ նոր լոյս եւ յոյս», աւելցուց ան:
Աշակերտները, որոնք կարգապահ շարուած էին առաջնորդարանի սրահի բեմին առջեւ, դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ կամաւոր ուսուցչուհի Նոյեմի Լոխմանեանի, Տէրունական աղօթքով բացումը կատարեցին յայտագիրին, ապա հպարտօրէն երգեցին Հայաստանի եւ ՀՕՄի վարժարանին քայլերգները, որոնց յոտնկայս հետեւեցաւ սրահը:
Աշակերտ Արեգ Զաքարեան առաջնորդեց «Աշակերտական Ուխտ»ը, որմէ ետք խումբը երգեց «Սուրբ Մեսրոպ»ը՝ արժանանալով ներկաներուն եւ յատկապէս սրբազան հօր գնահատանքին:
Վարժարանի փոքրերը յաջորդաբար հրամցուցին «Ժիր Մանուկ» եւ «Հայ Դպրոց» խմբային արտասանութիւնները: Անոնք նաեւ երգեցին «Իմ հայրենեայց», «Մենք քաջ Վարդանի տոհմէն ետք», «Կայ մի մեծ մոլորակ» եւ «Գետաշէն» երգերը, որոնք արժանացան սրահի բուռն ծափահարութիւններուն:
Կարգը հասնելով բարձր դասարանի աշակերտներուն՝ Նիքըլըս Քատեան արտասանեց Գէորգ Պետիկեանի «Ըսի-Ըսաւ» ոտանաւորը, որմէ ետք աշակերտները խմբովին ասմունքեցին «Խօսք շնորհակալութեան եւ բարի մաղթանքներու»ն, որ ամբողջ վարժարանին կողմէ գնահատանքի խօսք էր՝ հասցէագրուած առաջնորդին:
Իր կարգին, Մուշեղ արքեպիսկոպոս, հայու հոգիները ջերմացնող մթնոլորտին մէջ բացայայտեց իր գնահատանքի ու շնորհաւորանքի խօսքերը՝ աւելցնելով. «Ձեզմէ առաջ առաջնորդարան այցելած են ազգային վարժարաններու աշակերտներ: Սակայն դուք առաջին Շաբաթօրեայ վարժարանն էք, որ գեղեցիկ եւ իւրայատուկ նման այցելութեամբ մը կ՛ուրախացնէք մեզ: Վարձքերնիդ կատար, եւ օրհնեա՛լ ըլլաք»:
Ապա, սրբազան հայրը, աշակերտներուն հայերէն արտայայտութեանց, ոճին եւ հնչիւններուն առթիւ գնահատականներ կատարելէ ետք, օրհնութեան իր հայրական խօսքերը ուղղեց ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները առաջնորդած են այս հայկական վարժարանը՝ ամենայն պատասխանատուութեամբ եւ գիտակցութեամբ: Ան նաեւ գնահատանքի խօսքեր ուղղեց վարժարանի ուսուցչական կազմին եւ յատկապէս տնօրէն Գէորգ Պետիկեանին, իր անսակարկ զոհաբերութեան եւ աշխատանքին համար:
Նկատի ունենալով Վարդանանց տօնի մօտալուտ թուականը, սրբազան հայրը իր խօսքին ու հայրական խրատներուն ընթացքին աշակերտներուն հարցումներ հարցուց Ս. Մեսրոպի, Ս. Սահակ Պարթեւի, Վարդան Մամիկոնեանի, Ղեւոնդ Երէցի ու ընդհանրապէս Վարդանանցի մասին: Աշակերտները մէկ առ մէկ տուին իրենց ճշգրիտ պատասխանները՝ մեծ գոհունակութիւն պատճառելով ծնողներուն, ուսուցիչներուն եւ միաժամանակ ստանալով գովասանքի խօսքեր եւ օրհնութիւններ առաջնորդ սրբազանէն:
Իբրեւ օրուան անակնկալ, սրբազանը յայտնեց, թէ արուեստագէտ Ռազմիկ Խաչիկեան ազգային առաջնորդարանի մատրան համար գծած էր Վարդանանցի իւրայատուկ նկար մը: Արուեստագէտը նկարը սրահ բերելով՝ ոչ միայն ներկաները դարձուց առաջին ականատեսները իր այս մեծ ու գեղեցիկ աշխատանքին, այլեւ տուաւ սպառիչ բացատրութիւններ անոր մասին:
Շարունակելով իր հայրական խօսքերը՝ սրբազանը աւելցուց. «Մենք սուրբեր չենք պաշտեր, այլ սուրբերէն կը խնդրենք իրենց բարեխօսութիւնը, որպէսզի մեր հոգին մնայ անխախտ եւ անաղարտ: Որպէսզի մենք չտկարանանք, չթուլնա՛նք: Անոնք մեզի համար մէկական խորհուրդներ են, որպէսզի Աստուծոյ հետ մեր հաղորդակցութեան կապը չխզ-ուի, որպէսզի մեր հաւատքը չժանգոտի: Վա՜յ անոր, որ մեր խիղճի ու հոգիի ազատութիւնը կը փորձէ սպաննել»:
Իր խօսքի աւարտին, Մուշեղ սրբազան կրկին անգամ շնորհակալութիւն յայտնեց արուեստագէտ Խաչիկեանին, վարժարանի պատասխանատուներուն, ուսուցչական կազմին եւ տնօրէնին, ու անոնց մաղթեց յաջողութիւն եւ կորով՝ շարունակելու իրենց ազգանուէր գործը:
Այս առթիւ, ան յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց ՀՕՄի վարչութեան ատենապետուհի Լիզա Սանթիկեանին, իսկ աշակերտներուն՝ մէկական խաչ եւ Ս. Աստուածածնայ ու հայ մայրերուն նուիրուած բացիկներ: Իրենց կարգին, ուսուցիչներուն նուիրուեցաւ Ժագ Ս. Յակոբեանի «Փախչիլ Չկայ Հա…» եւ «Ոսկեհոս æրվէժ» հատորները, որոնց տպագրութիւնը յանձն առած էր առաջնորդարանը:
Այս պատմական այցելութեան առթիւ, վարժարանի ծնողներէն Լիզա Տէր Պետրոսեան մտայղացած էր յիշատակի նուէր մը պատրաստել եւ զայն յանձնել սրբազան հօր: Յուշանուէրը գեղեցիկ գծուած ու շրջանակի մէջ առնուած հայկական խաչ մըն էր, որուն վրայ ձեռագիր «Հայր Մեր»ը արձանագրուած էր, իսկ ներքեւը կը յիշուէր, թէ անիկա նուիրուած էր վարժարանի բոլոր աշակերտներուն, ուսուցչական կազմին, տնօրէնին ու ծնողներուն կողմէ: Տիկին Տէր Պետրոսեանի այս յիշատակելի նուէրը սրբազան հօր յանձնեց իր դուստրը՝ աշակերտուհի Թալինը, իսկ իր փոքր քոյրը՝ գեղեցիկ ծաղկեփունջ մը:
Սրբազան հօր օրհնութեան խօսքերով, «Պահպանի»չով եւ «Կիլիկիա» խմբերգով վերջ գտաւ այս հանդիսաւոր եւ իւրայատուկ այցելութիւնը:
(Թղթակցութիւնը՝ վարժարանէն)