ԱՄՆ Մրցանակ Շնորհած Է Հայ Գիտնականին

Մեքսիքահայ գիտնական Խոսէ Սարուխանին շնորհուած է բնապահպանութեան ոլորտին մէջ ԱՄՆ ամենահեղինակաւոր Tyler մրցանակը:

Երեքշաբթի` Փետրուար 21-ին, մեքսիքացի կենսաբան եւ բնապահպան Խոսէ Սարուխանին շնորհած են Tyler մրցանակը, որ անոր  յանձնած են  Tyler հիմնադրամն ու Հարաւային Քալիֆոռնիոյ համալսարանը (USC):  Այս մասին կը յայտնէ enfoquenoticias.com կայքը:

Սա Միացեալ Նահանգներու ամենահեղինակաւոր մրցանակն է բնապահպանութեան ոլորտին մէջ եւ կը շնորհուի գիտնականներուն` մոլորակի կենսաբանական հարստութիւնը պահպանելու եւ հարստացնելու համար: «Այն ժամանակ, երբ արեւադարձային անտառները անհետացման եզրին էին, լայնածաւալ անտառահատումներու պատճառով, Մեքսիքայի նախկին նախագահ Գառլոս Սալինաս Սարուխանին  դիմած էր, խորհուրդի համար, թէ ինչպէս պէտք է համաշխարհային հանրութեան ցոյց տալ, որ երկիրը կը գնահատէ իր բնական պաշարները: Ի պատասխան, Սարուխան առաջարկած է ստեղծել հաստատութիւն մը, որ կը զբաղուի բացառապէս երկրի կենսաբազմազանութեան հարցերով. այն կը կոչուի Conabio եւ իր տեսակին մէջ առաջինն է աշխարհի մէջ»,- armeniasputnik.am-ի փոխանցմամբ` նշուած է մրցանակային յանձնաժողովի յայտարարութեան մէջ:

ԱՄՆ նախկին նախագահ Պարաք Օպաման իր ղեկավարութեան ժամանակ յայտարարած էր, որ մեքսիքական Conabion-ը օրինակ է Միացեալ նահանգներու համար, եւ անոր առաջարկով ստեղծուած էր նմանատիպ հաստատութիւն Ա: 77-ամեայ Խոսէ Սարուխանը Մեքսիքայի ամենայայտնի գիտնականներքն մէկն է, Մեքսիքայի Ազգային ինքնավար համալսարանի 39-րդ տնօրէնը: ԱՄՆ-ի մէջ 2007-2013 թթ. Մեքսիքայի դեսպան Արթուրօ Սարուխանի հայրն է:

 

Scroll Up