«Գուրգուրանք Մայրենիին» Խորագիրով Ձեռնարկ՝ Պէյրութի Մէջ

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ, երէկ` Երեքշաբթի, 21 Փետրուար 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Գուրգուրանք մայրենիին» խորագիրով ձեռնարկ մը` Հայաստանի մէջ 21 Փետրուարի` «Մայրենիի օր» հռչակման առիթով, կը հաղորդէ “Ազդակ”-ը։

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Թամար Սնապեան-Սուրճեան: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, որ հայ ժողովուրդին համար լեզուն ուղղակիօրէն առնչուած է հայեցի դաստիարակութեան եւ հայու ինքնութեան պահպանման հետ: Ապա մաղթեց, որ 21 փետրուարը, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ հռչակուած է «Մայրենի լեզուի միջազգային օր», դառնայ բոլորին համար հայ լեզուն արժեւորելու, պահպանելու եւ տարածելու կարեւոր թուական, ըլլայ բանաւոր կամ գրաւոր առօրեայ շփումի միջոց եւ վերածուի ամէնօրեայ տօնի մեծին ու պզտիկին համար ու մանաւանդ ըլլայ հպարտանքի առիթ:

Համազգայինի «Արեգ» թատերական դպրոցի կրտսեր աշակերտները Ռոպերթ Առաքելեանի հսկողութեամբ ներկայացուցին խմբական արտասանութիւն մը: Ուշագրաւ եւ յոյժ գնահատելի էր փոքրիկներուն ճիգն ու կամքը արտայայտիչ եւ հաղորդական ըլլալու:

Օրուան խորհուրդը տուաւ տարիներու տնօրէն, կրթական մշակ Տիգրան Ճինպաշեան: Ան խօսքին սկիզբը ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց համաշխարհային մակարդակի վրայ ատենէ մը ի վեր նկատուած լեզուներու լաւ իմացութեան նահանջը, որ կը հարուածէ նոյնիսկ իրենց պահպանողական բծախնդրութեամբ հռչակուած ժողովուրդներ: Ան ըսաւ, որ համաշխարհայնացման երեւոյթը, որ հետեւանք է տեսակաւոր յարաբերութիւններու եւ փոխանակումներու արագընթաց եւ յարաճուն աճին, կը նպաստաւորէ կարճ, կտրուկ եւ կրճատուած խօսքը, որ կը խորշի խորհրդածութիւններէն եւ հիմնաւորումներէն: Բանախօսը նշեց նաեւ, թէ դպրոցներուն մէջ լեզուն դադրած է գրականութեան, արուեստներու եւ մշակոյթի փոխանցման միջոց ըլլալէ եւ դարձած` արագ փոխանակումներու համար գործիք, որուն միջոցով աշակերտները կը սորվին տնտեսական, ընկերային, արհեստագիտական յարաբերութիւններ մշակել, ապա ըսաւ. «Հոգեկան ապրումներու, տրամաբանութեան եւ վերլուծութեան զէնքերու սակաւութիւնը` ի խնդիր համադրական մտածողութեան վարժեցման, կը յանգի նոյն համադրութեան անկարելիութեան: Բառային հարստութեան բացառումը, խօսքի վայելուչ կառուցման կարճ նախադասութիւններով փոխարինումը, շարահիւսական սխալներու նկատմամբ անտարբերութիւնը կը պատճառեն մտածողութեան անկատարութիւն»:

Տիգրան Ճինպաշեան անդրադառնալով լեզուի բարդ ու յարափոփոխ համակարգին, ըսաւ, որ բառերը կը մաշին, կը հիննան, ու զանոնք բնութագրող իրերը կամ երեւոյթները կը դադրին արդիական ըլլալէ, սակայն երբ իրերն ու երեւոյթները կը փոխարինուին ուրիշներով եւ յառաջդիմութիւն կը կատարուի, բառերը նոր իմաստներ կը հագնին, եւ կը ստեղծուին նոր բառեր` նոր երեւոյթներու բնութագրումին համար: Այս պարագային ան ըսաւ, թէ անհրաժեշտ կ՛ըլլայ երբեմն դիմելու օտար լեզուներու օժանդակութեան, եթէ հայերէնին մէջ չգտնուի նոր եզրը բաւարար իմաստաւորումով արտայայտող արմատ բառը: Հայերէնին մէջ ներածումները գոյութեան իրաւունք ստացած են, որովհետեւ հայերէնի լեզուամտածողութեան յարիր եղանակով ածանցուած են կամ բարդ բառերու վերածուած: Ան դիտել տուաւ, թէ ներկայիս մոռցած ենք կենսական այդ պայմանը եւ փոխանակ օտար արմատը առնելու, բառը կ՛առնենք իր օտար ածանցումով  ու կը ստեղծենք հայերէնի խորթ նորամուծութիւն մը:

Բանախօսը նշեց նաեւ, որ լեզուական մաքրութեան, օրէնքներու յարգումին, վայելչութեան անտեսումին դիմաց ամէն առիթով  լեզուի պաշտամունք կը ցուցադրուի: «Հայերէնը մայրենի կը կոչենք զուգակշիռ հայրենիին,  որ հողն է: Հողն ու լեզուն մեր ազգի ծնողներն են, հետեւաբար արժանի են կեանքի գնով պաշտպանուելու, ըսաւ ան եւ աւելցուց, լեզուական հայրենասիրութեան յորձանուտը փոխան սին հարստութենէն եւ ինքնագովութեան սնամէջ զգացումէն, զգաստութեան հրաւէր մը պէտք է հանդիսանայ, որպէսզի հայ լեզուն շարունակէ մնալ Արամ կաթողիկոսի բանաձեւումով` հայ ժողովուրդին ինքնութեան աղբիւրը, հայ մշակոյթի առանցքը, հայ հաւատքին պահապանը, հայ ազգի գոյութեան երաշխիքը»:

Ճինպաշեան անդրադարձաւ այն բազմաթիւ գիտաժողովներուն ու խորհրդաժողովներուն, որոնք վերջին տասնամեակին զբաղեցան հայրենի զարգացման խնդիրներով, կուտակուած հարցերու լուծումներու առաջարկներ կատարեցին, արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի մերձեցման խնդիրը քննեցին, ուղղագրութեան փոփոխութեան հարցը արծարծեցին: Ան նշեց նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմած Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնաժողովը, որուն կատարած ծաւալուն աշխատանքը տակաւին չէ հրապարակուած:

Իր խօսքի աւարտին բանախօսը ըսաւ. «Մտահոգութիւնը կայ, հետաքրքրութիւնը չի պակսիր, օրէնքն ալ կայ, բարի կամեցողութիւնը տեսանելի է, սակայն գործնական միջոցներու դիմելու կամքը միշտ բացակայ է, խօսքէն գործի անցնելու անկարողութիւն մը, թերեւս հինէն եկած վերապահութիւններուն արձագանգը կապանք կը դնեն յատկապէս հայրենի իշխանութիւններուն եւ մտաւորականութեան կամքին վրայ` զանոնք բանտարկելով կրաւորականութեան տիղմին մէջ»: Ան եզրափակեց Արամ Ա. կաթողիկոսի տասնամեակ մը առաջ հայ լեզուի տարուան կոչին չորս թելադրանքներով` հայ լեզուն պէտք է միշտ գործածել, հայ լեզուն պէտք է ճիշդ գործածել, հայ լեզուն պէտք է մաքրել օտար ազդեցութիւններէն, հայ լեզուն պէտք է ծրագրաւորուած ձեւով ուսուցանել»:

Ձեռնարկի աւարտին «Արարատ» օրաթերթի տնօրէն Անի Եփրեմեան մեծ ապրումով ասմունքեց Սիլվա Կապուտիկեանէն եւ Պարոյր Սեւակէն մայրենի լեզուին նուիրուած անզուգական կտորներ:

Scroll Up