Հայ-Յունական Պաշտպանական Համագործակցութիւնը Կ’ընդլայնուի

Նոյեմբեր 20-ին աւարտեց ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Ս.Օհանեանի գլխաւորած պատուիրակութեան երկօրեայ պաշտօնական այցը Յունաստանի Հանրապետութիւն:

Այցին ընթացքին կայացած են ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի հանդիպումները Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան նախարար Տիմիտրիս Աւրամոպուլոսի եւ Յունաստանի վարչապետ Անտոնիս Սամարասի հետ:

Հանդիպումներուն ընթացքին կողմերը բարձր գնահատած են աւելի քան երկու տասնամեակի պատմութիւն ունեցող հայ-յունական պաշտպանական համագործակցութեան ներկայիս մակարդակը եւ կարեւոր համարած են համագործակցութեան յետագայ զարգացումը ռազմական կրթութեան, ռազմական արդիւնաբերութեան, յատուկ նշանակութեան զօրքերու պատրաստութեան եւ խաղաղապահութեան ոլորտներուն մէջ: Բանակցութիւններուն  ընթացքին յունական կողմը պատրաստակամութիւն յայտնած է լիակատար աջակցութիւն տրամադրել ՀՀ զինուած ուժերու խաղաղապահ կարողութիւններու զարգացման եւ պաշտպանական բարեփոխումներու իրականացման գործին մէջ: Համաձայնութիւն ձեռք բերուած է նաեւ համագործակցութեան իրաւական հիմքը կազմող պայմանագիրներու վերանայման եւ պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ համագործակցութեան համադրման համատեղ բարձր մակարդակի յանձնախումբ ստեղծելու վերաբերեալ, որ կ’ուսումնասիրէ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող նոր ոլորտներու մէջ համագործակցութիւն իրականացնելու հնարաւորութիւնները:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի գլխաւորած պատուիրակութիւնը նաեւ այցելած է Անյայտ զինուորի յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելով եւ ծաղկեպսակ տեղադրելով յուշարձանին:

Scroll Up