«Կազմուող Դասագիրքերը Սփիւռքին Եւս Պէտք Է Մատչելի Ըլլան». Արփինէ Թաւաքալեան
Փետրուար 20-ին ՀՀ ԳԱԱ-ի նախագահական նիստերու դահլիճին մէջ Մայրենիի օրուան նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ «Հայոց լեզուն դպրոցական դասագիրքերուն մէջ կլոր–սեղան քննարկումը, որ կազմակերպուած էր ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, ՀՀ ԳԱԱ Հ.Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկի նախաձեռնութեամբ եւ ՀԲԸՄ հայկական վիրթուալ համալսարանի աջակցութեամբ:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Հայերն այսօր»-ը, ՀԲԸՄ Հայկական վիրթուալ համալսարանի «Հայպրիտ կրթութիւն» ծրագիրի համակարգող Արփինէ Թաւաքալեան կլոր–սեղան քննարկման ժամանակ իր զեկոյցին մէջ անդրադառնալով հայոց լեզուի հիմնախնդիրներու լուծման ուղղուած համալսարանի աշխատանքներուն` նշած է, որ նոր լեզուաքաղաքականութեան մշակման աշխատանքներուն պէտք է հաշուի առնել այն հանգամանքը, որ հայերէնը, յատկապէս Հայաստանի սահմաններէն դուրս ապրող մարդոց համար, երկրորդ լեզու կը համարուի: Գործունէութիւն ծաւալելով եւ համագործակցելով սփիւռքեան կրթօճախներուն հետ` Արփինէ Թաւաքալեան կ’առաջարկէ դասագիրքեր կազմելուն` անոնց համար մատչելի բառապաշար ունեցող եւ մատչելի տրուող դասագիրքեր կազմել, քանի որ անոնք ալ դասագիրքերու հետ կապուած խնդիրներու կը հանդիպին:
«Ըլլալով վիրթուալ համալսարան, 2009 թուականէն գործունէութիւն ծաւալելով, տրամադրելով հեռավար կրթութիւն 7 լեզուով` մենք հաւատացած ենք, որ նոր լեզուաքաղաքականութեան մշակման մէջ հեռավար կրթութիւնը եւ նորագոյն արհեստաբանութիւններու կիրառումը պէտք է իրենց ուրոյն տեղն ունենան: Մեր փորձը ցոյց տուաւ, որ այս միջոցով կարելի է հայերէնը դարձնել աւելի գրաւիչ, ապահովել լեզուի ներգրաւածութեան բարձր մակարդակը, որ կը նպաստէ արդիւնաւէտութեան աւելի բարձր ըլլալուն»,-ըսաւ Արփինէ Թաւաքալեան` աւելցնելով, որ առցանց դասընթացներ ստացող աշակերտներուն հայերէն սորվեցնելէ բացի, անհրաժեշտ է անոնց համար լեզուն կիրառելու նպատակով միջավայր ստեղծել, որմէ յետոյ հայերէնը ռազմավարական շատ կարեւոր գործիք կը դառնայ:
Աւելցնենք, որ 2009 թուականին հիմնադրուած ՀԲԸՄ Հայկական վիրթուալ համալսարանի (ՀԲԸՄ ՀՎՀ) առաքելութիւնն է հայկական կրթութիւնը հասանելի դարձնել ամէնուր եւ բոլորին համար: Կարեւոր համարելով յատկապէս հայոց լեզուի հիմնախնդիրներու լուծման անհրաժեշտութիւնը` կը պահպանէ եւ կը փոխանցէ, ուսուցման եղանակներու արդիականացում, նորագոյն արհեստաբանութիւններու կիրառում, ՀԲԸՄ ՀՎՀ-ն միտուած է լրացնելու այս բացը իր առցանց դասընթացներով եւ բազմաբնոյթ ձեռնարկներով:
ՀԲԸՄ Հայկական վիրթուալ համալսարանը Սփիւռքի դպրոցներու, համայնքային կեդրոններու եւ 7000-է աւելի սփիւռքահայ, ներառեալ` օտարալեզու ուսանողներու հետ աշխատելու մեծ փորձառութիւն ունի:
Գէորգ Չիչեան