«Գեղեցիկ Բան Ստեղծելու Համար Մարդ Պէտք Է Նախ Սիրել Սորվի. Գէորգ Խաչերեան
Լիբանանէն մինչեւ Եւրոպա, Ծոցի երկիրներէն մինչեւ Միացեալ Նահանգեր արուեստի աշխարհին մէջ համբաւ կը վայելէ լիբանանահայ արուեստագէտ Գէորգ Խաչերեան անունը, որ իւրայատուկ գործերով արժանի տեղ նուաճած է աշխարահռչակ արուեստագէտներու շարքին: Անոր ձեռքբերումները արդիւնք են ինքնաշխատութեան ու ստեղծագործելու մեծ ցանկութեան, իսկ յաջողութեան գաղտնիքը` լաւատեսութեան եւ կեանքը բոլոր կողմերով սիրելու մէջ: Աշխարհ դարձած Գէորգ Խաչերեանին համար Հայաստան կը մնայ այն հարազատ ու սիրելի միակ վայրը, ուր մարդ կրնայ խաղաղ ապրիլ ու ստեղծագործել: Գէորգ Խաչերեանի կեանքը, արուեստի բնագաւառին մէջ ձեռք ձգած փորձառութիւնը եւ գործունէութիւնը լուսարձակի տակ առնելու նպատակով արուեստագէտին հետ «Ազդակ» ունեցաւ հարցազրոյց մը, որ ստորեւ կը ներկայացնենք:
«ԱԶԴԱԿ».- Ինչպէ՞ս տեղի ունեցաւ ձեր մուտքը արուեստի աշխարհ:
ԳԷՈՐԳ ԽԱՉԵՐԵԱՆ.- Հայրս պոլսահայ եղած է: 50-ական թուականներուն եկած է Լիբանան, ծանօթացած է մօրս եւ` ընտանիք կազմած: Մեծ հայրս Պոլսոյ ամէնէն ճանչցուած պղնձագործներէն մէկը եղած է: Արուեստս ժառանգած եմ մեծ հօրմէս, որմէ ինծի յիշատակ մնացած է լոգանքի պղնձեայ թաս մը միայն: Մեծ հօրս գործերէն 6-7 կտոր ալ հայրս Հայաստան արուեստի թանգարանին նուիրած է, որպէսզի չկորսուին: Բան մը սորվելու նպատակով ամառնային արձակուրդներուս արհեստի կ՛երթայի այն օրերուն բոլոր պատանիներուն պէս, որովհետեւ պատերազմի տարիները դժուար էին, մենք ալ պէտք էր աշխատէինք օգտակար ըլլալու համար մեր ընտանիքներուն: Ծնողքիս թելադրանքով երկու տարի ոսկերչութեան գացի, անկէ առաջ ալ անշուշտ ուրիշ արհեստներու գացած էի: 20 տարեկանիս շատ պատահական ու գրեթէ անսպասելիօրէն տեղի ունեցաւ մուտքս արուեստի աշխարհ: Պատերազմի տարիներուն ոսկերչական աշխատանքը թեթեւցաւ: Այն օրերուն ես քոյրերուս լուացքի կախիչներու մետաղով կը շինէի ապարանջաներ, որոնցմով կը հիանային նաեւ իրենց ընկերուհիները: Մարդիկ յաճախ հարց կու տային ինծի, թէ ինչո՛ւ պղնձեայ զարդեր չեմ պատրաստեր: Միացեալ Նահանգներէն մէկը եկած էր եւ առաջարկեց պղնձեայ ապարանջան մը շինեմ, որ հետը տանի: Ես պղինձին ծանօթ չէի: Ինչ ըլլալը չէի գիտեր: Աշխատելու յարմար գործիքներ ալ չունէի, ո՛չ աքցան, ո՛չ ուրիշ բան: Մայրս, որ նկարչութեամբ կը զբաղէր, ուղղութիւն տուաւ, եւ ես շինեցի ապարանջանը ու ղրկեցի Միացեալ Նահանգներ: Չէի գիտեր, որ այս ապարանջան կեանքիս անկիւնադարձը պիտի ըլլար: Քանի մը ամիս ետք, երբ բոլորովին մոռցած էի ապարանջանը, նոյն ծանօթը վերադարձաւ Միացեալ Նահանգներէն եւ խնդրեց, որ 15 հազար կտոր պատրաստեմ նոյն նմուշէն: Հաւատալիք բան չէր, անսահման էր ուրախութիւնս: Ողորմած վարպետս, որ շատ ազնիւ մարդ մըն էր, օգտակար դարձաւ ինծի` իր ոսկիի գործատեղին տրամադրելով, որ աշխատիմ: Ամէն անգամ, որ պատուէրներէն բաժին մը կը պատրաստէի, քանի մը հատ նոր նմուշ ալ կը ղրկէի: Իրապէս ալ, երբ սկսայ պղինձով աշխատիլ, չէի գիտեր, թէ պիտի կրնամ նոր նմուշներ պատրաստել ու գոհացում տալ մարդոց ճաշակին: Ըսեմ նաեւ, որ թէեւ ուսումս չշարունակեցի, բայց մօրս պնդումներով ամէն օր թերթ եւ ամսագիր կը կարդայի: Օր մըն ալ, 1995-ին թերթին մէջ կարդացի, որ Ֆրանսական մշակութային կեդրոնին մէջ ցուցահանդէս մը կար: Դիմում ներկայացուցի, բայց ֆրանսերէն չգիտնալուս պատճառով մերժուեցայ: Ի դէպ, շատ լաւ արաբերէն եւ անգլերէն գիտէի: Նոյն ժամանակ աշխատանքի այլ դիմում մը ըրած պահուս յայտնեցի մերժուելուս մասին. անմիջապէս այդ օտար մարդիկը միջամտեցին, ու ես ընդունուեցայ ցուցահանդէսին, որուն մասնակցած էին Իտալիայէն, Զուիցերիայէն, Ֆրանսայէն եւրոպացի զարգացած արուեստագէտներ` զանազան մասնագիտութիւններով: Ցուցահանդէսին ամէն մարդ իր սեղանը պիտի ունենար: Ինծի արտօնուեցաւ տանիլ միայն պղնձեայ թելեր: Ամէն բան ես պիտի ստեղծէի տեղւոյն վրայ, զարդեղէնի պատրաստ քարեր գործածելն անգամ արգիլուած էր: Ուրեմն հինգ-վեց հագուստ դրին դիմացս ու պայմանաժամ տուին երեք օրէն աւարտել հագուստներուն զարդեղէնը: Ցուցահանդէսի աւարտին բոլոր արուեստագէտները Տաուն Թաուն հաւաքեցին: Մէյ մըն ալ ընկերս ըսաւ, որ անունս կը կանչեն, մրցանակ շահեր եմ: Ես ալ զարմացած` «Ի՞նչ մրցանակ», հարցուցի: Պարզուեցաւ, որ Ժան Փոլ Կոթիէի հագուստներու զարդեղէնները պատրաստած եմ առանց տեղեակ ըլլալու եւ` մրցանակ շահած: Պատերազմի օրերուն լիբանանցիները ճամբորդելու արտօնութիւն ստանալու դժուարութիւն ունէին, եւ ես չկրցայ ճամբորդել, իրենք գործերս առին եւ Լուվրի մէջ ցուցադրեցին: Ահա այսպէս մէկ օրուան մէջ ամբողջ կեանքս փոխուեցաւ:
«Ա.».- Խօսինք Ռահպանիներուն հետ ձեր ունեցած փորձառութեան եւ աշխատանքին մասին:
Գ. Խ.- Ուրեմն մրցանակը շահուած գիշերը քնացայ որպէս Գէորգ Խաչերեան, առտու արթնցայ, որ մեր դրան առջեւ ԷԼ ՊԻ ՍԻ կայանը կեցած է: Յաջորդ օրը` միւս կայաները: Այն օրերուն լիբանանի պատկերասփիւռի գրեթէ բոլոր կայաններէն հրաւիրուեցայ, հիւրընկալուեցայ: Այս ընթացքին շատ մարդոց հետ ծանօթացայ, որոնցմէ էր Մանսուր Ռահպանին: Պատերազմի տարիներուն իրենց աշխատանքը դադրեցնելով` 2000-ին, «Ախեր իյամ Սոկրատ» մեծ թատրոնի բեմադրութեան աշխատանքներուն սկսան: Հագուստի ձեւաւորում կատարողը` ողորմած Կապի Ապի Ռաշետը ինծի առաջարկեց թատրոնի բոլոր զարդեղէնները, վզնոցները, թագաւորական թագերը, պալատական զարդերն ու իրերը պատրաստել: Այսպէս սկսայ աշխատիլ Ռահպանիներուն հետ: «Մուլուք ալ թաուաէֆ», «Հըքըմ ալ ռաայէն», «Ժըպրան ուա Աննապի», «Քլիոփաթրա» եւ այլ թատրոններու բոլոր արդուզարդերը, դերասաններու կրած զարդեղէնները, պատմական պղնձեայ իրերը ես պատրաստած եմ:
Ըսեմ նաեւ, որ Էլի Սաապին եւ Զուհեր Մրատին հետ ալ աշխատած եմ` անոնց զարդեղէնները պատրաստելով: Անոնք յաճախ քովս կու գան կարծիք հարցնելու: Մեծ շնորհակալութեամբ յիշեմ նաեւ, որ Մունա Հրաուին անձամբ հովանաւորած է իմ մէկ ցուցահանդէսս: Չեմ կրնար մոռնալ անոր բարիքը: Ան ցուցահանդէսիս բոլոր ծախսերը վճարեց եւ բացման ձեռնարկին կողքիս կանգնեցաւ: Առիթով մըն ալ պետական պաշտօնական 1000 անձնաւորութիւններու յուշանուէրներ պատրաստած եմ: Ատենին Լիբանանի նախագահին եւ իր տիկնոջ Էլիզէի անձնակազմին նուիրելիք յուշանուէրներն ալ ես պատրաստած եմ:
Նոր նուաճումներ ձեռք բերելու համար Լիբանանը սկսաւ չգոհացնել: Ապու Տապի գացի 1997-ին` թէ՛ այցելութեան, թէ՛ ցուցահանդէսի: Հոն ալ յաջողութիւն ձեռք բերի: Տեսէք, Լիբանանէն սկսայ եւ աստիճանաբար ինքնաշխատութեամբ բարձրացայ: Այս վերելքին, նուաճումին մէջ հաճոյք մը կայ, որ կարելի չէ բառերով բացատրել: Երբ դժուարութեններէ կ’անցնիս, ուժիդ ու սեփական աշխատանքիդ վստահելով կ՛աշխատիս, կեանքին եւ ամէն ինչին արժէքը կը գիտնաս: Եթէ պատահէր, որ մէկը ինծի առաջնորդէր, բնական է, որ ես այս բոլորին արժէքը պիտի չգիտնայի: Ես աշխարհ պտտած եմ ու շատ ազգերու եւ ժողովուրդներու հետ շփում ունենալով` տեսած եմ անոնց կեանքը եւ ապրելակերպը: Լիբանանի մէջ կեանքը շատ ճնշող է, բայց մենք` լիբանանցիներս, դեռ կը յաջողինք դրական մտածել: Լիբանան ապրող ամէն անհատ շքանշանի արժանի է, որովհետեւ դժուարութիւններ դիմագրաւելով կը շարունակէ ժպտիլ եւ ճիգ կը թափէ ուրախ ըլլալու: Կը կարծեմ` լիբանանցիները յարմարելու բացառիկ իւրայատկութիւն մը ունին, որովհետեւ Փարիզի մէջ ապրող հայը լիբանանահայուն չափ չի կրնար յարմարիլ դժուարութիւններուն եւ ստեղծուած դժուար կացութեան: Մինչ մենք այնքան վատ օրեր ապրած ենք, որ ամէն ինչին պատրաստ ենք ու կը դիմանանք: Պատերազմի տարիները դպրոց եղան մեզի համար, ամէն ինչ տեսանք ու ճաշակեցինք:
«Ա.».- Ի՞նչ նիւթ կը գործածէք եւ ինչպէ՞ս կ՛ընթանայ ձեր զարդեղէնի պատրաստութեան եղանակը:
Գ. Խ.- Ամէն բան ուղեղիս մէջ կը ձեւաւորեմ, ուղեղիս մէջ կը պատրաստեմ, յետոյ անմիջապէս կը գործադրեմ: Սեղանս գրեթէ քաոսի կը նմանի: Պատուիրողները իրենց հագուստը կը բերեն միայն` առանց բան մը բացատրելու, մնացեալը արդէն ինծի կը մնայ: Նորաձեւութեան չեմ հետեւիր, որովհետեւ գիտեմ` իւրաքանչիւր պատուիրողին ի՛նչ կրնայ վայելել, ի՛նչ կը յարմարի տուեալ հագուստին: Եւրոպական շատ երկիրներու մէջ պատուիրողներ ունիմ, որոնք իրենց հագուստին նկարը կը ղրկեն, իսկ ես կը պատրաստեմ: Կ՛աշխատիմ Լիբանանեան մակարդակով պետական, բարձրաստիճան վերնախաւի ներկայացուցիչներու, հանրածանօթ երգչուհիներու եւ արուեստագէտներու հետ: Գերմանիայէն, Իտալիայէն եւ եւրոպական շատ մը երկիրներէ յաճախորդներ ունիմ, որոնք տարիներէ ի վեր հետս կ՛աշխատին: Լէյտի Տիանային տղուն` Ուիլիըմի թագաւորական պսակադրութեան հանդիսութեան երեք կին իմ գործերս հագած էին:
Գործերուս 100 տոկոսը ոսկեջրուած պղինձ է: Կը գործածեմ նաեւ կիսաթանկարժէք քարեր, զվարովսքի: Զվարովսքի ընկերութիւնը հրաւիրեց զիս Աւստրիա, Ինսպրուք, Զվարովսքիի թանգարանը ցոյց տուաւ եւ իրենց ընկերութեան «Սիքրըթ պուք»-ը մակագրուած նուիրեցին: Ուղղակի հիացած ու զարմացած էին իմ կատարած գոյներու համակցութեամբ: Գոյներու աշխարհին մէջ այն, ինչը իրենք երկու տարի վերջ պիտի ընէին, ես արդէն ըրած էի հոս: Իրենց ըսի, որ ես հայ եմ, ծնած եմ Միջերկրականի հրաշալի բնութեան մէջ ու կը գործածեմ Ալպեան լեռներէն ձեր քարերը, հետեւաբար երեք գեղեցիկ բաներ քով-քովի գան, վստահաբար միայն գեղեցիկ բան պիտի ծնի:
«Ա.».-Խօսինք ձեր կազմակերպած ցուցահանդէսներուն մասին:
Գ. Խ.- Անձնական երկու ցուցահանդէս կազմակերպած եմ Անգլիոյ մէջ, Լոնտոնի Քանսինկթընի քաղաքապետին հովանաւորութեամբ: Տուպայի մէջ 15 ցուցահանդէս կազմակերպած եմ: Առանց ներկայութեանս ունեցած եմ ցուցահանդէսներ, ուր ներկայացուած են գործերս, ինչպէս` Ուաշընկթընի, Վիեննայի եւ Եւրոպայի տարբեր երկիրներու մէջ: «Ժազիրա» կայանէն ալ յատուկ հրաւիրուած եմ, որ գործերս ցուցադրեմ: Ծոցի երկիրներու մէջ շատ իշխանուհիներ գործերս կրած են ու կը կրեն իրենց պաշտօնական առիթներուն կամ հարսանեկան խրախճանքներուն: Ճամբորդութիւններուս մասին կ՛ուզեմ գրել, որովհետեւ շատ յատկանշական են: Այս ալ պատմեմ. քանի մը հոգիով լիբանանցիի մը առաջնորդութեամբ ցուցահանդէսի մասնակցելու գացինք Ապու Տապիի Այն քաղաքը, ուր հասնելնէս ետք գիտցանք, որ խաբուած ենք, ցուցահանդէս չկայ: Պանդոկատէրը անունս կարդալով զիս ուզած է տեսնել: Պարզուեցաւ, որ հայ է, երբ պատմեցի պատահածը, անմիջապէս որոշեց կազմակերպել ցուցահանդէս մը: Տեսէք` եթէ մարդ դրական մտածէ, անապատին մէջն անգամ դիմացը մարդ կ՛ելլէ ու կողքին կը կանգնի: Ժխտականը կը հեռանայ, երբ դրական մտածենք:
Երկու ամիս առաջ ալ Մելպուռնի քաղաքապետարանը եւ խորհրդարանի նախագահը պարգեւատրեցին հինգ լիբանանցիներ, որոնցմէ մէկը ես էի: Հրաւէր ուղարկուած էր ինծի, բայց տեղեակ չէի պարգեւատրման մասին, անակնկալի եկայ: Այդ հանդիսութեան ներկայ էին նախարարներ եւ Աւստրալիոյ մէջ լիբանանցի հասարակութեան զգալի մէկ մասը: Այդ հանդիսութեան յանկարծ անունս տուին եւ պարգեւատրեցին Լիբանանի համար ըրած լաւ գործերուս համար:
«Ա.».- Լիբանանի Արուեստագէտներու եւ արհեստաւորներու սենտիքայի հիմնադիր խումբի մէջ եղա՞ծ էք:
Գ. Խ.- Այո՛, Լիբանանի արուեստագէտներու եւ արհեստաւորներու սենտիքայի հիմնադիր անդամներէն մէկը եղած եմ եւ մինչեւ այսօր խորհրդական եմ: 12 հոգիով հիմեցինք սենտիքան, որ այսօր կը հաշուէ շուրջ 400-500 անդամ. դժբախտաբար հայեր չկան սենտիքային մէջ: «Ազդակ»-ի միջոցով կոչ կ՛ուղղեմ բոլոր այն արհեստաւորներուն եւ արուեստագէտներուն կամ ձեռային որեւէ աշխատանք կատարողներու, որոնք կ՛ուզեն մաս կազմել մեր սենտիքային, թող անպայման դիմեն մեզի, ուղղակի կամ «Ազդակ»-ին միջոցով: Մենք իրենց ցուցմունք, ուղղութիւն կու տանք եւ մեր մէջ կ՛առնենք. օրինակ` պայուսակագործներ կան Պուրճ Համուտ, որոնք յայտնի ապրանքանիշներու պայուսակներ կը պատրաստեն, եւ որոնց մասին մարդ չի գիտեր: Այդ արհեստաւորները ինչո՞ւ մաս պիտի չկազմեն սենտիքային ու օգտուին: Գիտեմ, որ շատ հայ արհեստաւորներ եւ արուեստագէտներ ունինք, բայց տեղեակ չեն թերեւս սենտիքայի մասին: Մենք ցուցահանդէսներ կը կազմակերպենք Լիբանանի տարբեր վայրերու մէջ: Տարուան ընթացքին շատ առիթներ կ՛ըլլան մասնակցելու եւ իրենց արուեստի կամ ձեռային գործերը ներկայացնելու: Ես պատրաստ եմ կարողութեանս սահմաններուն մէջ օգտակար դառնալու բոլոր անոնց, որոնք կ՛ուզեն մաս կազմել սենտիքային:
«Ա.».- Որպէս արուեստագէտ` Հայաստանի հետ ձեր կապը ինչպէ՞ս կարելի է գնահատել:
Գ. Խ.- Աշխարհի որ ծայրամասն ալ երթանք, Հայաստանը կը մնայ մեզի համար այն միակ հարազատ վայրը, ուր մենք խորապէս կ՛ըլլանք հանգիստ եւ ազատ: Տարին երեք-չորս անգամ Երեւան կ՛այցելեմ: Իգիթեանի անուան գեղագիտութեան ազգային կեդրոնի մանկապատանեկան արուեստի ուսումնարանին մէջ ես մասթըր քլաս դասեր կու տամ: Իմ գիտելիքներս իրենց կը փոխանցեմ, 8-16 տարեկան պատանիներուն քով կը նստիմ եւ կը սորվեցնեմ: Գործերս կը տանիմ, կը ցուցադրեմ: Ինչով որ կրնամ օգտակար դառնալ, չեմ զլանար: Տարիներու փորձառութիւնս ոչ միայն արուեստի մասին, այլեւ կեանքի մասին կարճ միջոցի մէջ անոնց կը բացատրեմ: Հրաշք երեխաներ են, անհամբեր կը սպասեն, որ երթամ: Կը հիանամ իրենց ունեցած շնորհքներուն եւ կարողութիւններուն վրայ, հողին զօրութիւնն է անկասկած: Այդ պատանիներէն սորվելիք ունինք: 8 տարեկան տղայ մը մատանի գծել սկսաւ, այստեղ համալսարաններ, ուսումնարաններ կ՛աւարտեն ու դժուար կը յաջողին բան մը ստեղծել, մինչ այդ տղեկը պատմական բերդերը մատանիին վրայ գծել սկսաւ: Իրենց այդ դժուար պայմաններուն մէջ ինչպէ՞ս կը ստեղծեն, կը սորվին. իրապէս հրա՛շք է:
Հայաստանի մէջ ամէն ինչ մերն է: Օդակայանէն կ՛ելլեմ, ակնոցս կը հանեմ, լաւատեսութեան ակնոցս կը դնեմ եւ միայն լաւը կը տեսնեմ: Չի կրնար ըլլալ, որ ճիշդ բան չտեսնես, անպայման լաւին կը հանդիպիս: Հայաստանը շատ կը սիրեմ: Այս պահուն ամէն տեղ կրնամ երթալ եւ այդ երկրի արուեստի բնագաւառին մէջ արժանի տեղ ունենալ, բայց ես կ՛ուզեմ Հայաստան երթալ: Արմատներս հոն են: Արմատներէդ հեռու կրնաս թափառիլ 50 տարի մը թերեւս, իսկ զաւակներդ շուարած մարդու պէս կը թափառին աշխարհի չորս կողմը: Մենք հայերս ունեցած ենք շատ գաղութներ, որոնք այսօր գոյութիւն չունին: Պելճիքա գացի, ցոյց տուին հայերու կառուցած թաղը, ո՞ւր են հիմա, չկա՛ն: Հայաստանի հողին վրայ եթէ մէկ հատ ծիրանի ծառ տնկեմ, գիտեմ, որ զաւակս այդ ծառէն ծիրան պիտի ուտէ, մէկը պիտի չըլլայ, որ տնկած ծառս արմատէն հանէ: Ի՛նչ ալ ըլլան պայմանները, Հայաստանը իմս է, իմ երկիրս է: Չեմ կրնար ուրիշ ձեւ մտածել:
«Ա.».-Ձեր կեանքի փորձառութենէն ելլելով` ի՞նչ կ՛ըսէք այսօր նոր սերունդին:
Գ. Խ.- Իրօք դժուար է 30 տարուան պատմութիւնը հարցազրոյցով մը ամփոփել: Մարդու ժառանգական յատկանիշները եւ տուեալները շատ կարեւոր են: 30 տարուան ընթացքին քովս աշխատած է մօտաւորապէս 150 մարդ, որոնցմէ ոչ ոք շարունակած է: Բոլորն ալ շատ լաւ արհեստաւորներ էին, սորվեցան, փորձեցին աշխատիլ, յետոյ ուրիշ գործ ըրին, բացատրեմ` ինչո՛ւ. տեսէք, մարդ կայ, որ կատարեալ ձեւով իր տեսածը շինելու մեծ կարողութիւն ունի, բայց երբ իրմէ խնդրես, որ ձեւը փոխէ ու նոր բան մը ստեղծէ, արդէն կը տատամսի եւ կանգ կ՛առնէ: Մարդիկ կը ծնին այնպէս, ինչպէս որ են: Դուն պիտի զարգացնես կարողութիւններդ: Եթէ մարդ ունի տուեալներ ու չ՛աշխատիր զարգացնել զանոնք ու հմտանալ, տեղքայլի մէջ կը մնայ: Հայաստան արուեստի մանկական ուսումնարանը ընդունելու համար քանդակ կը դնեն երեխաներուն դիմաց: Ան որ քանդակին 65-70 տոկոսը կարենայ գծել, կ՛ընդունուի, ապա թէ ոչ` կը մերժուի: Արուեստաբան Սամուէլ Բաղդասարեան կ՛ըսէ. «Արուեստ չենք կրնար սորվեցնել, մենք արուեստավարժութիւն կը սորվեցնենք: Արուեստը հետդ պէտք է ծնած ըլլայ»:
Իսկ ինծի համար ալ սիրելը շատ կարեւոր է: Եթէ մարդ սիրել չի գիտեր, չի յաջողիր: Ես իմ գործս շատ կը սիրեմ: Գործս սկսած օրէն մինչեւ այս պահը իմ աշխարհս աշխատանքս է: Եթէ օր մը չստեղծագործեմ, կը զգամ, որ բան չեմ ըրած: Նոր սերունդը նախ պէտք է սիրել սորվի, եթէ սիրել չգիտնայ, չի կրնար գեղեցիկ բան ստեղծել: Կեանքը սիրելով պիտի շարունակուի: Ամէն բան սիրոյ հետ կապուած է: Երբ սիրես, կեանքը, իր դժուարութիւններով հանդերձ, գեղեցիկ կը տեսնես: Յաջողութիւններս եւ համբաւս ինքնաշխատութեան արդիւնք են եւ ոչ թէ` վկայականներ ունենալու: Այո՛, ուսումը կարեւոր է, բայց աշխատանքը եւ ինքնաշխատութիւնը շատ աւելի կարեւոր են: Ընթերցանութեամբ ես շատ բան սորված եմ. նոր սերունդը պէտք է կարդայ, հետեւի աշխարհի զարգացումներուն, փոփոխութիւններուն, իրադարձութիւններուն, մշակութային եւ արուեստի լուրերուն: Ամէն բան արուեստ է, մտիկ ընելն ալ արուեստ է: Եթէ մարդիկ մտիկ ընել չեն գիտեր, ինչպէ՞ս պիտի սորվին: Ամէն օր սորվելիք ունինք մեզմէ փոքրէն, մեծէն, քովինէն, դրացիէն: Այն մարդը, որ կ՛ըսէ, թէ բաւարարուած է, ընելիք չունի աշխարհի մէջ:
Ինքնաշխատութիւնը ամէնէն մեծ դպրոցն է: Մարդիկ իրենց յոյսը պէտք չէ կտրեն կեանքին մէջ: Եթէ մարդ նպատակ ունի եւ նպատակը դրական է, անպայման տեղ կը հասնի, անպայման կը յաջողի: Դժուարութիւններ շատ կան, բայց մէյ մը որ մարդ լաւատեսութիւնը կորսնցնէ, ալ դաժան կը դառնայ կեանքը: Միշտ լաւին պիտի ձգտինք` առանց բաւարարուելու եղածով: