Եւս Մէկ Թալիշ Կը Ցանկայ Ատրպէյճանէն Հայաստան Տեղափոխուիլ

Ատրպէյճանի թալիշներով բնակուած Լերիկի շրջանէն եւս մէկ բնակիչ էլտանիզ Կուլիեւը մտադիր է տեղափոխուելու Հայաստան: Այդ մասին կը յայտնէ panarmenian.net-ը՝ «Թալիշինֆոն»-ի յղումով:

Կը նշուի, որ Կուլիեւը իր ֆէյսբուքեան էջին մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին հասցէագրուած յայտարարութիւն մը հրապարակած է: Ան գրած է, որ Լերիկի շրջանի գործադիր իշխանութեան ղեկավար Ռովշան Պագիրովը բռնի ուժով խլած է իրմէ իր սեփական հողը, որմէ ետք զինք կանչած են ոստիկանութեան շրջանային բաժանմունք եւ սպառնացած, որպէսզի չհամարձակի բողոքելու:

Յուսահատուած Կուլիեւը յայտարարած է, որ ստեղծուած իրավիճակէն միակ լուծումը Հայաստան տեղափոխուիլն է: Ըստ Կուլիեւին, Ատրպէյճանի մէջ անոր բողոքները միեւնոյն է ոչ ոք պիտի չքննէ:

Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ թալիշ լրագրող, «Թալիշի Սատօ» թերթի թղթակից Շահին Միրզոեւը, որ փախած է Ատրպէյճանէն` ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու հանդէպ ճնշումներուն, անոնց իրաւունքներու ոտնահարումներու պատճառով, ապաստան ստացած է Հայաստանի մէջ:

Scroll Up