Եւրոպայի երիտասարդութեան ներուժի համախմբման լաւագոյն առիթ հանդիսացաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Եւրոպայի Երիտասարդական Առաջին Հաւաքը Վիէննայի մէջ

17-19 Փետրուար 2017-ին Վիեննայի մէջ տեղի ունեցաւ իր տեսակին մէջ առաջինը նկատուող Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Եւրոպայի Երիտասարդական հաւաքը, որուն մասնակցութիւն կը բերէին Անգլիայէն, Ֆրանսայէն, Հոլլանտայէն, Գերմանիայէն, Աւստրիայէն, Շուէտէն, Հայաստանէն, Պելճիքայէն, Յունաստանէն, ինչպէս նաեւ Երուսաղեմէն ժամանած 60 Հ.Մ.Ը.Մ.-ական երիտասարդներ: Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդր. Վարչութեան Հովանաւորութիւնը վայելող եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Վիեննայի մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ կազմակերպուած այս հաւաքը, հիմք ունենալով միութեան 2015-ին վերամշակուած միութեան ընդհանուր ծրագիր կանոնագիրը եւ նախապէս ընդունուած ռազմավարական ծրագիրը, կը նպատակադրէր Եւրոպայի տարածքին գտնուող Հ.Մ.Ը.Մ.-ական երիտասարդները համախմբել, ծանօթանալու եւ համագործակցելու առիթներ ստեղծել, Եւրոպայի հայ երիտասարդութիւնը յուզող ազգային, միութենական ու ընկերային ժամանակակից հարցեր քննարկել, լուծումներ առաջարկել, զարկ տալ Եւրոպայի տարածքին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի երիտասարդական ցանցին եւ կարողութիւններուն, միութեան մարմիններուն եւ յանձնախումբերուն մէջ երիտասարդ տարր ներգրաւելու նպաստել, ինչպէս նաեւ նախապատրաստուիլ’ միութեան հարիւր ամեակին ու անոր հետ առնչուած ծրագիրներուն շուրջ.
Հաւաքի պաշտօնական բացման արարողութեան ընթացքին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդր. Վարչութեան ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանը վեր առաւ նման հաւաքներու կարեւոր հանգամանքը, շեշտեց թէ միութեան գերագոյն մարմինը երիտասադներուն ձայնը կը լսէ ու կը համագործակցի անոր հետ, ինչպէս նաեւ հաստատեց թէ Եւրոպայի տարածքքին Հ.Մ.Ը.Մ.-ը էական դերակատարութիւն ունի հայ երիտասարդութեան առողջ ու հայեցի միջավայր ապահովելու:
Օգտուելով հաւաքի այս խորհրդաւոր առիթէն, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Վիեննայի Մասնաճիւղի երկու վեթերան եղբայրներ՝ Գրիգոր Հալլաճեանն ու Սամուէլ Նահապետեանը ստացան Հ.Մ.Ը.Մ. «Ծառայութեան» շքանշաններ:
Հաւաքը հիմնական հետեւեալ չորս թեմաներուն շուրջ քննարկումներ կատարեց՝
Ա- Հ.Մ.Ը.Մ.-ի դերը Եւրոպայի Երիտասարդութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մէջ՝ Հայեցի դիմագիծ, Առաջնահերթութիւններ, Միութենական Կեանք
Զեկուցաբերներ Քոյր Սեւան Նազարեան (Ֆրանսա) եւ Եղբ. Վիգէն Գապաքեան (Պելճիքա)
Բ- Հ.Մ.Ը.Մ.-ը որպէս կամուրջ Եւրոպայի երիտասարդութեան եւ Հայաստան – Արցախի միջեւ
Զեկուցաբեր Քոյր Հռիփսիմէ Յարութիւնեան (Յունաստան)
Գ- Եւրոպայի Երիտասարդութեան դերը Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մէջ 21-րդ դարու պայմաններուն տակ:
Զեկուցաբերներ Քոյր Անէթ Մոսկոֆեան (Անգլիա) եւ Եղբ. Գէորգ Յակոբճեան (Աւստրիա)
Դ- Հ.Մ.Ը.Մ. եւ Communication strategies & Social Media
Զեկուցաբերներ Եղբ. Յարութ Պաղամեան (Երուսաղեմ) եւ Եղբ. Գօգօ Սահակեան (Երուսաղեմ).
Յաջորդական նիստերուն ընթացքին, իւրաքանչիւր գլուխի մէջ, զեկուցաբերները մանրամասնօրէն ներկայացուցին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի դերակատարութիւնը հայ երիտասարդին դիմագրաւած ժամանակակից մարտահրաւէրներուն մէջ, դիպուկ օրինակներ տուին Եւրոպայի մէջ հասակ առնող սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.-ին ունեցած եւ ունենալիք դերակատարութեան, վերլուծեցին Եւրոպայի հայ երիտասարդութեան դիմագրաւած տագնապները, անդրադարձան դժուարութիւններուն, ներառեալ իրար հետ հաղորդակցելու դժուարութիւններուն, հայերէնի անբաւարար իմացութեան կամ զանազան հայերէններու օգտագործման բարդ հարցերու գոյութիւնը եւ այլն.
Շեշտուեցաւ կարիքը ընկերային բնոյթի ծրագիրներու գործադրութեան’ Երեւանէն դուրս մարզերուն եւ սահմանային շրջաններուն մէջ Եւրոպայի մասնաճիւղերուն միջոցաւ, Արցախի մէջ երիտասարդական պտոյտներու, հայոց բանակի բարոյական զօրակցութեան, և ընդհանուր առմամբ հայրենաճանաչելիութեան մակարդակի բարձրացման.
Անդրադարձ կատարուեցաւ մեր ընկերութիւններու և միութիւններու մօտեցումներուն, որոնք պէտք է վստահին երիտասարդութեան ու անոնց կարողութիւններուն. Այս ծիրին մէջ առաջարկուեցաւ երիտասարդութեան ճամբով միութիւնը աւելի արդիական ու ժամանակակից մեթոտներով ղեկավարելու մասին, միութեան մէջ երիտասարդութեան ներուժը, մասնագիտութիւնները եւ առհասարակ ժամանակակից փորձառութիւնները համակարգուած ձեւով օգտագործելու եղանակներ փոխանցուեցան, ինչպէս նաեւ յաջող օրինակներ ներկայացուեցան թէ տարբեր մասնաճիւղերու մէջ երիտասարդները ինչպիսի քայլերով կը նպաստեն ու կրնան նպաստել Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ու համայն հայութեան վերլքին ու յառաջդիմութեան:
Վերջին բաժնով երիտասարդները գիտականօրէն վերլուծեցին թէ ինչպէս կարելի է արդի հաղորդակցութեան արդի միջոցները եւ յատկապէս ընկերային հաղորդակցութեան միջոցները ազդեցիկ ձեւով ու նպատակասլացօրէն օգտագործել Հ.Մ.Ը.Մ.-ի նպատակներու հետապնդման եւ քարոզչութեան ի նպաստ.
Հաւաքի եզրափակիչ նիստը նուիրուած էր Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հարիւր ամեակի աշխատանքներուն, ուր մանրամասնօրէն ներկայացուեցան նախատեսուած ծրագիրները, որոնք ընդհանրապէս տեղի պիտի ունենան Հայաստանի մէջ ու անոնց իրականացման գծով Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Եւրոպայի Երիտասարդութեան դերին ու կատարելիքներուն մասին խօսուեցաւ:
Հաւաքի մասնակիցները իրենց Վիեննա գտնուելու առիթէն օգտուելով այցելեցին նաեւ ազգային, պատմական ու մշակութային մեծ հարստութիւն ու արժէք ներկայացնող Մխիթարեան Միաբանութեան Վիեննայի Կեդրոնատեղին, թանգարանը, գրադարանն ու արխիւատունը եւ մեծ հետաքրքրութեամբ ծանօթացան կեդրոնի գանձերուն, ինչպէս նաեւ Հայ ազգի մեծ բարեկամ ու «Մուսա Լերան Քարասուն Օրերը» աշխարահաճանաչ գործի հեղինակ Ֆրանզ Վերֆելի արձանը ու երախտագիտութեան ծաղիկներ զետեղեցին:
Հաւաքի մասնակիցներուն ջերմութիւնը, գոհունակութիւնն ու դրական տպաւորութիւնները կարելի չէ քանի մը տողերու մէջ պարփակել, սակայն իր տեսակին մէջ առաջինը նկատուող այս հաւաքը եկաւ հաստատելու թէ նման հաւաքներու ծարաւ ունի Եւրոպայի երիտասարդութիւնը: Հետեւաբար, այս եւ այլ ձեւի հաւաքներ անքննարկելիօրէն կարեւոր են Եւրոպայի հայ երիտասարդութիւնը համախմբելու, դաստիարակելու, նպատակաուղուած աշխատանք տանելու, համագործակցելու առիթներ ստեղծելու, դժուարութիւնները յաղթահարելու եւ միութեան նպատակները իրականացնելու: