Տեառնընդառաջի Հանդիսաւոր Նախատօնակ, Մանուկներու Խորան Ընծայում Եւ Աւանդական Հրավառութիւն՝ Գարագասի Մէջ

Կիրակի, 12 Փետրուար 2017-ի առաւօտեան ժամը 11։00-ին, Գարագասի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հերթական կիրակնօրեայ Ս. եւ Անմահ Պատարագ։ Ս. Պատարագէն անմիջապէս ետք, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Գաղութիս Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեանի եւ կազմակերպութեամբ Գաղութիս Տիկնաց Միութեան անդամուհիներուն, եկեղեցւոյս տակ գտնուող մեծ սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի տօնին առիթով ճաշ, որուն ներկայ գտնուեցան աւելի քան 70 անձնաւորութիւններ։
Նոյն օրը, կէսօրէ ետք, ժամը 3։00-էն սկսեալ, եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի տօնին առիթով երեկոյեան ժամերգութիւն, հանդիսաւոր նախատօնակ եւ մանուկներու ընծայում։ Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, Հոգշ. Հայր Սուրբը Ս. Խորանէն վարելով մոմը, վար իջաւ եւ ուղղուեցաւ դէպի ատեան, ուր տեղադրուած է պատրաստուած մոմ մը, որ ժողովուրդին մասնակցութեամբ վառուեցաւ՝ որպէս խորհրդանիշ Քրիստոսի լոյսին։
Հոգշ. Հայր Սուրբը իր խօսքին մէջ բացատրեց օրուան հոգեւոր խորհրդածութիւնը, մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի քառասնօրեայ տաճար ընծայումը եւ ապա կատարեց Ս. Խորանի ընծայումը։
Աւարտին, թափօր կազմած, «Ուրախ լեր…» շարականի երգեցողութեամբ, վառուած մոմերով, Հոգշ. Հայր Սուրբին առաջնորդութեամբ, ժողովուրդը ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ վարի բակը, ուր տեղի ունեցաւ աւանդական հրավառութիւնը։
Երեկոն փակուեցաւ «Կիլիկիա» մաղթերգով։

%d5%af%d5%a1%d6%80%d5%a1%d5%af%d5%a1%d5%bd%d5%af%d5%a1%d6%80%d5%a1%d5%af%d5%a1%d5%bd2 %d5%af%d5%a1%d6%80%d5%a1%d5%af%d5%a1%d5%bd3 %d5%af%d5%a1%d6%80%d5%a1%d5%af%d5%a1%d5%bd4 %d5%af%d5%a1%d6%80%d5%a1%d5%af%d5%a1%d5%bd5 %d5%af%d5%a1%d6%80%d5%a1%d5%af%d5%a1%d5%bd6

Scroll Up