Հայաստանի ԱԳ Նախարարն Ընդունեց Արեւելեան Եւրոպայի Եւ Կեդրոնական Ասիոյ Մէջ Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի Գործողութիւններու Ղեկավարը

ՀՀ ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալպանտեան նոյեմբեր 20-ին ընդունեց Արեւելեան եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ Կարմիր խաչի Միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչ Լորան Կորպազը:
Ողջունելով հիւրը` նախարար Նալպանտեան ընդգծեց Կարմիր խաչի Միջազգային կոմիտէի կարեւոր մարդասիրական դերակատարութիւնը հակամարտութիւններէ տուժած տարածաշրջաններու մէջ եւ նշեց, որ Հայաստանը բարձր կը գնահատէ կազմակերպութեան հետ հաստատուած արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան եւ ԿԽՄԿ գործունէութեան գնահատականի համար` Լորան Կորպազ ընդգծեց, որ ԿԽՄԿ-ն ստեղծման օրուընէ կը հանդիսանայ անկախ եւ չէզոք կազմակերպութիւն, որուն նպատակը ճգնաժամային իրավիճակներու մէջ յայտնուած մարդոց օժանդակութիւնն է:
Էդուարդ Նալպանտեան գոհունակութիւն յայտնեց կազմակերպութեան` Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հետ առնչուող մարդասիրական գործունէութեան կապակցութեամբ:
Զրուցակիցները հանգամանալից քննակեցին Հայաստանի եւ ԿԽՄԿ համագործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն: