Հայաստան 21 Հորիզոնականով Յառաջդիմած Է Տնտեսական Ազատութեան Ցուցակին ՄԷջ

Հայաստան 21 հորիզոնականով յառաջդիմած է Heritage Foundation-ի կողմէ հրապարակուող տնտեսական ազատութեան ցուցակին մէջ:  2017 թուականի ցուցակին մէջ Հայաստան 180 երկիրներու շարքին  զբաղեցուցած է 33-րդ տեղը (2016-ի զեկոյցին մէջ 54-րդ տեղն էինք):

Հայաստանի տնտեսական ազատութեան աստիճանը գնահատուած է 70.3 միաւոր, որ 3.3 կէտով բարձր է նախորդ տարուան գնահատականէն:

Տնտեսական ազատութեան աստիճանը կը գնահատուի 12 չափանիշներու հիման վրայ, որոնք բաժնուած են 4 խումբի:

1-ին խումբի` օրէնքի իշխանութեան չափանիշներէն երկուքի գիծով (ներառեալ` սեփականութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան) բարելաւում  արձանագրուած է:

Կառավարութեան ծախսումներու չափանիշը բարելաւուած է եւ հասած 81.7, իսկ հարկային բեռի առումով դիրքերը վատացած են:

Գործարարութեան եւ աշխատուժի ազատութեան առումով ունինք յառաջընթաց, դրամավարկային ազատութեան աստիճանը չէ փոխուած:

Առեւտրի ազատութեան հարցով միաւորը նուազած է մինչեւ 80.2, իսկ ներդրումային եւ ֆինանսական ազատութիւններու առումով փոփոխութիւններ չկան:

Նշենք, որ տարածաշրջանի հարեւաններէն Վրաստան տնտեսական ազատութեան ցուցակին մէջ 13-րդ տեղն է, Թուրքիան` 60-րդ, Ատրպէյճանը` 68-րդ:

Ամենաազատական տնտեսութիւն ունեցող երկիրներն են Հոնկ Գոնկը, Սինկափուրը եւ Նոր Զելանտիան, կը  գրէ 168.am-ը:

econ-freedom-17

Scroll Up