Վիգէն Եւ Նոնօ Աբէլեաններ՝ ՀՄԸՄի 42րդ Նաւասարդեանի Պատուոյ Նախագահներ

Ասպարէզ-Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, թէ 42րդ Նաւասարդեան մարզախաղերու պատուոյ նախագահութիւնը ստանձնած են շրջանէս ներս հանրածանօթ ՀՄԸՄականներ, տէր եւ տիկ. Վիգէն եւ Նոնօ Աբէլեանները, Օրէնճ Քաունթիէն:

Այս առիթով Վիգէն Աբէլեան յայտնեց. «Մենք կը գնահատենք Շրջանային վարչութիւնը, որ մեզի վստահեցաւ այս պատիւը: Նօնոն ու ես ՀՄԸՄի անդամ եղած ենք մեր ամբողջ կեանքին ընթացքին, նախ իբրեւ սկաուտ ու մարզիկ, ապա՝ իբրեւ կամաւոր աշխատողներ ու վարչական:  Քաջածանօթ ենք այս կազմակերպութեան ու յատկապէս անոր ներկայացուցած արժէքին, թէ՛մեր համայնքներէն ներս եւ թէ՛ յատկապէս մեր երիտասարդութեան մօտ: ՀՄԸՄը մեծ դեր ունեցած է նաեւ իմ անձնական կեանքիս մէջ, ինծի սորվեցնելով սկզբունքայնութիւն, յարգանք՝ շրջապատիս ու հաւաքական աշխատանքի հանդէպ: Իմ կարգիս, ՀՄԸՄի նկատմամբ կը մնամ յանձնառու, որպէսզի մեր տասնեակ հազարաւոր մանուկները, պատանիներն ու երիտասարդները, մանաւանդ անոնք, որոնք հայկական դպրոց յաճախելու առիթը չունին, կարենան իրենց հայկական ինքնութիւնը զօրացնել այս մեծ կազմակերպութեան միջոցով»:

Վիգէն Աբէլեան մանկութենէն ի վեր եղած է ՀՄԸՄի անդամ, իբրեւ սկաուտ, մարզիկ ու վարչական: Միշտ եղած է գործունեայ եւ օրինակելի բծախնդրութեամբ կատարած է իրեն վստահուած բոլոր տեսակի աշխատանքները:

Այս առիթով, Շրջանային վարչութեան ատենապետ  Մանուէլ Մարսէլեան յայտնեց, թէ Նաւասարդեանի պատուոյ նախագահութիւնը ստանձնելու Վիգէն եւ Նոնօ Աբէլեաններու պատրաստակամութիւնը յաւելեալ ցուցանիշ մըն է այն նուիրումին, որ անոնք ունին այս միութեան ու անոր ծրագիրներուն նկատմամբ:

Scroll Up