Հայրենի Գեղանկարիչ Քարլոս Սայադեանի Գործերու Ցուցահանդէսի Բացում Պէյրութի Մէջ

Փետրուար 15-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայրենի գեղանկարիչ Քարլոս Սայադեանի քսանութ գործերէ բաղկացած ցուցահանդէսին բացումը: Ձեռնարկին ներկայ էր Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան,  Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, ինչպէս նաեւ արուեստասէրներու բազմութիւն մը: Այս մասին կը հաղորդէ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթը։

Բացման խօսքը կատարեց Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան: Ան ողջունելէ ետք ներկաները ըսաւ, թէ 2013-ին առաջին անգամ առիթը ունեցած է հայրենիքի մէջ ծանօթանալու գեղանկարիչ Քարլոս Սայադեանին, որուն արուեստի աշխարհին ծանօթանալով, նաեւ ծանօթացած է Սայադեանի` խոհուն մտաւորականի եւ մեծ հայրենասէրի տիպարին: 2014-ին լիբանանահայութիւնը առաջին անգամ ըլլալով առիթը ունեցած է հանդիպելու արուեստագէտին հետ եւ մօտէն առնչուելու հայաշխարհի հրաշալիքները կազմող եւ յատկապէս մեր բռնագրաւեալ հողերուն մշակութային ժառանգութիւնը ներկայացնող արուեստի գոհարներուն: Հաւաթեան յայտնեց, թէ Համազգայինի ընտանիքին համար մեծ ուրախութիւն է այսօր դարձեալ հիւրընկալել Սայադեանը «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ: Ան աւելցուց, որ նկատի ունենալով, որ լիբանանեան մշակոյթը խոր կապեր ունի ֆրանսականին հետ, արուեստագէտը որոշեց այս անգամ ֆրանսական երեւոյթն ու նկարչական ոճը հանդիսացող փասթելով հանդէս գալ հանրութեան դիմաց: Ան ըսաւ, թէ արուեստագէտը կը հաստատէ, որ գեղեցկութիւնն ու նրբագեղութիւնը կը փորձէ իր ստեղծագործութիւններով երեւան բերել` հաւատալով, որ իւրաքանչիւր արուեստի գործ կ՛ունենայ իր պատգամը եւ արուեստագէտը այդ ճամբով կը փորձէ իր միտքն ու հոգին բացատրել:

Ապա խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան: Ան յայտնեց, որ շատ կը սիրէ գեղանկարչութիւնը եւ մշտապէս կը հետեւի ու սիրով կ՛ընդունի այսպիսի հրաւէրներ, քանի որ ամէն անգամ նոր առիթ կ՛ըլլայ ծանօթանալու նոր ոճի, ստեղծագործական նոր մօտեցման, նոր արտայայտչամիջոցներու եւ նոր բովանդակութեան: Ան հակիրճ ձեւով խօսեցաւ արուեստագէտ Սայադեանի ցուցադրուող գործերու նիւթին մասին, որ նաեւ ընդհանրապէս իր աշխատանքի հիմնական առանցքներէն մէկը կը կազմէ եւ որ կնոջ կերպարն է: Ան աւելցուց, որ Սայադեան կարելի բոլոր միջոցներով փորձած է ներկայացնել  եւ բացայայտել կնոջ բազմախորունկ եւ բազմազան ներաշխարհը, անոր շատ նուրբ դրսեւորումները, որոնք համակցուած են երաժշտութեան հետ: Ան իր ընկալումներով մեզ հաղորդակից կը դարձնէ կնոջ այդ կերպարին եւ այդ կերպարի բացայայտման:

Ապա խօսք առաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Քարլոս Սայադեանին, որ մեզի հետ կը կիսէ իր արուեստի աշխարհը: Ան ապա կարդաց այս առիթով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի յղած հետեւեալ օրհնութեան գիրը.

«Մեծայա՛րգ տիար Քարլոս Սայադեան,

Սիրելի՛ պրն. Սայադեան,

Մեզի համար ոգեկան գոհունակութեան ուրախ առիթ մը եղաւ երէկուան ձեր այցելութիւնը: Այսու գիրով  անգամ մը եւս մեր բարձր գնահատանքը կ՛ուզենք  յայտնել ձեր նուիրած գեղանկարին համար, որ կը ներկայացնէ Սիսի պատմական կաթողիկոսարանը: Այս առիթով բարձր կը գնահատենք մշակոյթի, յատկապէս գեղանկարչութեան մարզին մէջ ձեր կատարած բծախնդիր աշխատանքն ու մեր մշակոյթին ձեր բերած կարեւոր նպաստը: Ձեր վրձինէն ծնունդ առած գեղանկարները եւ դիմանկարները պերճախօսօրէն կը վկայեն ձեր ստեղծագործական կարողութեան մասին, որով հոգի ու շունչ կը ստանան այնքան ներդաշնակօրէն միաձուլուած գիծերն ու գոյները: Ինչպէս երէկ ըսինք ձեզի, նկարը պէտք է շնչաւորուի արուեստագէտի հոգիէն, սրտէն ու միտքէն եկող ճառագայթներով, շունչով, տագնապով ու տեսիլքով: Այսպէս են ձեր գեղանկարները: Արդարեւ, մեր արուեստագէտները պարծանք կը բերեն մեր ժողովուրդին եւ արժանի են բոլորին ջերմ սիրոյն ու յարգանքին: Կ՛աղօթենք առ ամենաբարին Աստուած, որ միշտ դալար պահէ ձեր վրձինը եւ ձեզի շնորհէ քաջառողջութիւն ու յարատեւ կորով` նորանոր իրագործումներով:

Հայրական սիրոյ ջերմ ողջունիւ`
Արամ Ա. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ»:

Աւարտին խօսք առաւ գեղանկարիչ Քարլոս Սայադեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն: Ան ի մասնաւորի շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին յղած օրհնութեան գիրին համար:

Գեղարուեստական բաժինով ջութակահար Լիւսի Չամրազեան հանդէս եկաւ զանազան հանրածանօթ երաժշտական կտորներով:

Նշենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 4 Մարտ 2017:

Scroll Up