Մատենադարանը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Աջակցութեամբ Պիտի Նշէ Հայերէնով Աստուածաշունչի Առաջին Հրատարակութեան 350-ամեակը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/02/մատենադարան-300x225.jpg)
Հնագոյն ձեռագիրներու հիմնարկ Մատենադարանը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի աջակցութեամբ 2017 թուականին շարք մը ձեռնարկներ տեղի պիտի ունենան` նուիրուած հայերէն Աստուածաշունչի առաջին հրատարակութեան 350-ամեակին: Մատենադարանի տնօրէնի պաշտօնակատար Վահան Տէր Ղեւոնդեան NEWS.am-ին ըսած է, որ 2016-ի վերջը Մատենադարանը շահած է այդ ծրագիրը:
Անոր խօսքով` հայերէնով Աստուածաշունչի հրատարակումը մեծ իրադարձութիւն է ոչ միայն հայ, այլեւ համաշխարհային մշակոյթի համար: Տօնակատարման ծրագիրը երեք բաղկացուցիչ ունի`, հնատիպ գիրքերու ցուցադրութիւն, 350-ամեակին նուիրուած «պատկերագիրք-ուսումնասիրութեան» տպագրութիւն եւ գիտաժողով:
Հիմնական ձեռնարկները պիտի սկսին Յունիսին եւ պիտի տեւեն մինչեւ տարեվերջ:
Հայերէնով առաջին տպագիր Աստուածաշունչը 1666-1668 թուականներուն Ամսթերտամի մէջ հրատարակած է Ոսկան Երեւանցին: Սա հայերէնով տպագրուած հնագոյն գիրքերու լաւագոյն օրինակներէն մէկն է եւ աշխարհի մէջ հրատարակուած Աստուածաշունչի աւելի արժէքաւոր վաղ հրատարակութիւններէն մէկը: