Տեառնընդառաջի Տօնը Նշած Են ԱՄԷ-ի Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/02/9-3.jpg)
Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Թեմէն ներս հանդիսաւորապէս նշուեցան Տեառնընդառաջի տօնակատարութիւնը: Երկուշաբթի 13 Փետրուար 2017-ին Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Երեքշաբթի, 14 Փետրուար 2017-ին Ապու Տապիի Ս. Նահատակաց եկեղեցիներէն ներս: Տեառնընդառաջի արարողութեանց նախագահեց թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Սարգիսեան: Այս մասին Հայերն այսօր-ը կը տեղեկանայ EmaHay-ի ֆէյսպուքեան էջէն:
Այս առիթով Գերապատիւ Հայր Սուրբը իր պատգամին մէջ խօսեցաւ հաւատացեալ ժողովուրդին Տեառնընդառաջի խորհուրդի մասին, մատնանշելով Աստուծոյ օրհնութիւնը ու շնորհքը որ կը տրուի նորածինին երբ կ’ընծայուի Աստուծոյ ու Եկեղեցւոյ, ինչպէս որ Յովսէփն ու Մարիամ ընծայեցին Աստուածորդին՝ Յիսուս մանուկը Տաճարին իր ծնունդէն քառասուն օրեր ետք: Գերապատիւ Հայր Սուրբը իր պատգամին մէջ նաեւ անդրադարձաւ Հայ Եկեղեցւոյ աւանդութիւներուն մասին Տեառնընդառաջի տօնին առնչուող: