Հայ Երիտասարդներ Թեսաղոնիկէի Մէջ Պահանջեցին Լափշինի Ազատ Արձակումը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/02/0000HOUNASDAN-1.jpg)
Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբը եւ յունահայ երիտասարդներ, առ ի զօրակցութիւն Մինսկի մէջ Ատրպէյճանի պահանջով ձերբակալուած լրագրող-պլակըր Ալեքսանտր Լափշինին, բողոքի քայլերու դիմեցին անցեալ շաբթուան ընթացքին:
Ուրբաթ, 3 Փետրուարի կէսօրին, Թեսաղոնիկէի մէջ Պելառուսի հիւպատոսարանը այցելեց պատուիրակութիւն մը բաղկացած Հայ Դատի յանձնախումբի եւ ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան «Սողոմոն Թեհլիրեան» խումբի անդամներէ, գլխաւորութեամբ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Պետրոս Հալաճեանի:
Բողոքի յուշագիրը յղուած էր Թեսաղոնիկէի մօտ Պելոռուսի պատուոյ հիւպատոս Պորիս Մուզենիթիսի՝ նկատի աունենալով, որ Պելառուս Աթէնքի մէջ դեսպանատուն չունի: Պատուիրակութիւնը պահանջեց հանդիպում ունենալ Մուզենիտիսի հետ, սակայն մերժուեցաւ եւ ստիպուեցաւ յուշագիրը նետելու փոստարկղին մէջ:
Յուշագրին մէջ կը պահանջուի լրագրող Լափշինի ազատ արձակումը եւ խստօրէն կը քննադատուի մամլոյ եւ լրագրողներու ազատութիւններու սահմանափակման ու հալածանքի քաղաքականութիւնը: