Արցախի Առնչութեամբ Հատուածական Քաղաքական Խաղերը Կը Վնասեն Հայկական Շահերուն

Քանի որ բոլոր աշխարհի բոլոր հայերը անխտիր կը պաշտպանեն Արցախի շահերը, շատերուն մօտ հարց կը ծագի, թէ ինչո՛ւ Հայաստանի կառավարութիւնը մինչեւ այսօր չէ ճանչցած անոր անկախութիւնը:

Հայաստանի ղեկավարները մտահոգուած են, որ Արցախի անկախութեան վաղաժամ ճանաչումը կրնայ վնաս հասցնել Ատրպէյճանի հետ խաղաղ կարգաւորման գործընթացին, եւ հնարաւոր է, որ Հայաստանը ենթարկուի միջազգային ճնշումի եւ պատժամիջոցներու: Բացի ատկէ, նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարած է, որ եթէ Ատրպէյճանը պատերազմ յայտարարէ, Հայաստանը այն ատեն պիտի ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը:

Ընդդիմադիր քաղաքական գործիչները կը պնդեն, որ Արցախի ճանաչումը շատոնց հասունցած է, եւ կը մեղադրեն կառավարութիւնը` անոր անկախութիւնը պաշտօնապէս չճանչնալուն համար: Անոնք նաեւ կը զարմանան, թէ ինչպէ՛ս կարելի է ակնկալել Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումը այլ երկիրներու կողմէ, երբ Հայաստանը ի՛նքը առաջին ճանչցողը չէ եղած: Մեկնելով այս փաստարկներէն` ընդդիմադիր Ժառանգութիւն կուսակցութեան անդամները պարբերաբար բանաձեւ կը ներկայացնեն Հայաստանի Ազգային ժողովին` Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը ճանչնալու համար: Անկասկած, նման բանաձեւերը օրակարգ կը բերուին այն անկեղծ համոզումով, որ Հայաստանը պարտաւոր է ճանչնալ Արցախի ազատագրուած տարածքը: Սակայն շատեր կը պնդեն, որ ընդդիմութեան իրական մտադրութիւնը ծանր կացութեան մէջ ձգել է կառավարութեան մեծամասնութիւնը, որուն անդամները յանդգնութիւն կ’ունենա՞ն դէմ քուէարկելու Արցախի անկախութեան:

Նման բանաձեւերը անյարմար իրավիճակներ կը ստեղծեն ոչ միայն իշխանամէտ, այլ նաեւ ընդդիմադիր միւս երեսփոխաններուն համար, որոնք ստիպուած կ’ըլլան աջակցիլ բանաձեւին, որպէսզի չստեղծուի այն սխալ տպաւորութիւնը, թէ իրենք դէմ են Արցախի անկախութեան:

Նոյեմբեր 13-ին «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Զարուհի Փոստանջեան դարձեալ ներկայացուց նման բանաձեւ մը, որ վերջնական քուէարկութեամբ ստացաւ 10 թեր եւ 0 դէմ ձայներ: Թէեւ ոչ ոք դէմ քուէարկեց, սակայն բանաձեւը չընդունուեցաւ, քանի որ 131 երեսփոխաններուն մեծամասնութիւնը որոշած էր պոյքոթի ենթարկել նիստը` չքուէարկելու համար ընդդէմ Արցախի անկախութեան:

Զարմանալի է, որ Հայաստանի, Արցախի եւ Ատրպէյճանի պաշտօնեաները միեւնոյն ձեւով արձագանգեցին այդ օրինագիծին: Արցախի Ազգային ժողովի արտաքին կապերու յանձնաժողովի նախագահ Վահրամ Աթանէսեան իր համաձայնութիւնը յայտնեց Հայաստանի խորհրդարանական մեծամասնութեան դիրքորոշումին. «Այս պահուն Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումը նպատակայարմար չէ, քանի որ գոյութիւն ունին կարգ մը կարեւոր խնդիրներ»:  Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեան եւս համաձայնութիւն յայտնեց, որ` «Ներկայ փուլին Արցախի ճանաչումը պիտի հակասէ Հայաստանի շահերուն, որովհետեւ ան պիտի դառնայ միակ երկիրը, որ ճանչցած է Արցախը` այժմ անբարենպաստ իրավիճակ ստեղծելով Հայաստանի համար»:

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էլման Ապտուլայեւը համաձայն է հայ պաշտօնեաներուն հետ. « Հայաստանի խորհրդարանին կողմէ Լեռնային Ղարաբաղը իբրեւ անկախ պետութիւն ճանչնալու մասին բանաձեւի քննարկումը բացասաբար պիտի անդրադառնայ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման վրայ եւ պիտի խանգարէ այդ գործընթացը»: Ատրպէյճանցի քաղաքագէտ Ֆիքրաթ Սատիխովը աւելի կոշտ կերպով արձագանգեց. «Նման ճանաչումը Ատրպէյճանին ուղղուած լուրջ մարտահրաւէր է, որ, ի հարկէ, անպատասխան պիտի չմնայ: Երեւանը լաւապէս կը գիտակցի, որ նման քայլ մը Հայաստանի կողմէ կը համարուի կարմիր գիծի շրջանցում, որ դեռ Ատրպէյճանը ետ կը պահէ իր հողերը ազատագրելու համար ուժային եւ արմատական քայլերէն»: Սատիխով նաեւ աւելեցուցած է. «Հայաստանի ղեկավարութիւնը կը հասկնայ, որ անջատողական վարչակարգի անկախութեան ճանաչումով արմատական պիտի դարձնէ եւ սրէ իրադրութիւնը եւ պիտի զայրացնէ միջազգային կազմակերպութիւններն ու տարածաշրջանի պետութիւնները»:

Հակառակ Արցախի ճանաչման հնարաւոր բարդ հետեւանքներուն` աշխարհասփիւռ  հայութիւնը խանդավառօրէն կ’աջակցի Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան: Սակայն նախընտրելի պիտի ըլլայ, որ նման օրինագիծեր խորհրդարանի քննարկման ներկայացուին բոլոր խմբակցութիւններուն համաձայնութիւնը ապահովելէն ետք միայն: Այլապէս, երբ խորհրդարանական ընդդիմադիր քանի մը երեփոխաններ այս հարցը օրակարգ կը բերեն մեծամասնութեան փափաքին հակառակ, ապա կը թուի, որ անոնք զուտ հատուածական շահեր կը հետապնդեն` սխալ ազդանշան ուղարկելով Ատրպէյճանին եւ աշխարհի միւս երկիրներուն, թէ իբր Հայաստանը դէմ է Արցախի անկախութեան: Բացի ատկէ, նման բանաձեւերու ընդդիմախօսները, սովորաբար կը մեղադրուին այս կարեւորագոյն հարցով Ատրպէյճանին կողմնակից ըլլալու մէջ` ատով իսկ խափանելով  հայկական ջանքերը` ապահովելու Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը:

Արցախի անկախութեան աջակցելու համար առաւել նախընտրելի ռազմավարութիւնը պիտի ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմական հզօրացումը, որպէսզի անոր ղեկավարները Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման պատեհ ժամը որոշելու ատեն շատ չմտահոգուին միջազգային դատապարտման եւ պատժամիջոցներու մասին:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
«Եռագոյն» կայքը

Scroll Up