ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԱՒԱԳ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆԻ 100-ԱՄԵԱԿԸ
Ժամանակն ու տարածութիւնը թերեւս միշտ «կը գործեն» Մեծերու օգտին: Որքան կը մեծնայ տարածութիւնը անոնց եւ ներկայի միջեւ, որքան ժամանակով կը հեռանանք անոնցմէ, այնքան աւելի կ’ընդգծուին այդ վառ անհատականութիւնները:
…100-ամեայ օփերայի հանրաճանաչ, անզուգական երգիչն իր նմանը այլեւս չունեցաւ մեր երգարուեստին մէջ:
Աւագ Պետրոսեան ծնած է 100 տարի առաջ եւ իր ծնունդով քալած է իր ժողովուրդին հետ 100 տարի ու մնացած է իբրեւ չգերազանցուած մարմարակերտ սիւն ու խոյակ, վէմ ու գմբէթ, զանգակատուն:
Հայ եւ համաշխարհային դասական երգարուեստի տարեգրութիւնը իր ձայնի հզօր ելեւէջներուն մէջ բիւրեղացուցած մեծ վարպետը զարմացուց ու հիացուց հանդիսատեսին, կախարդեց ու իր «գերին» դարձուց դասական արուեստի սիրահարները:
Անոր արուեստի երկրպագուներն ազգութիւն չունէին, անոնց հոգիները կը ճախրէին Աւագ Պետրոսեանի երգի թեւերուն, սրտերը` կը տրոփէին անոր ձայնի ռիթմերով… եւ այդպէս` մինչեւ մեր օրերը…
Օրերս Ալ. Սպենդիարեանի անվ. օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնին մէջ նշուեցաւ ականաւոր երգիչի 100-ամեակը, որ երեւանցիներուն համար նշանաւորուեցաւ դասական արուեստի ըսես նոր հրավառութեամբ մը: Խնկարկելով մեծ երգիչի յիշատակը` խնկարկուեցան նաեւ մեզմէ հեռացած մեր միւս մեծերը` Գոհար Գասպարեանը, Սօս Սարգսեանը, Խորէն Աբրահամեանը, Վարազդատ Յարութիւնեանը, Էդուարդ Միրզոյեանը, Տիգրան Լեւոնեանը…
…Որքան սիրառատ «Անուշներ խենթացած են բեմին վրայ, երբ Սարօ-Աւագ Պետրոսեանը դարձած է թումանեանական Լոռուայ հինաւուրց աշխարհի հինաւուրց սովորոյթներու, սովորույթներու զոհը, ու բարձր սարերը դարձած են սիրող զոյգերու կործանման վկան…
Համաշխարհային դասականներու աշխարհաճանաչ օփերաներու գլխաւոր դերերգներու կատարողն անզուգական ձայնով նոր աստիճանի կը բարձրացնար հայկական ռոմանսներն իր ինքնատիպ կատարումներով` արժանանալով հայ եւ համաշխարհային երաժիշտներու բարձր ու հիացական գնահատականներուն:
Կոչումնե՞ր… ունէր, դափնինե՞ր… եւս, սակայն ժողովուրդի սէրն էր այն մեծ պատուանդանը, այն պատուարը, որով իրեն ամուր կը զգար: Դահլիճներու մէջ թնդացող ծափահարութիւններն ու «պրաւօ»-ներն էին իր կոչումները, իր` հայու լաւագոյն տեսակի ամենաթանկ պարգեւները, որոնք չեն ժանգոտիր, չեն խամրիր երբեք: Ողջ տօնի ընթացքին դահլիճին մէջ կը թագաւորէր Աւագ Պետրոսեանի ձայնը, անոր` յաւերժի մէջ ճախրող հոգին:
Գեղեցիկ կատարումներ, գնահատանքի խօսքեր ու յուշեր… Ելոյթ ունեցան Կոմիտասի անվ. պետական քառեակը, Ռուբէն Մաթեւոսեանը, օփերայի թատրոնի մեներգիչներ եւ պալէի մենապարուհիներ: Նուագախումբը կը ղեկավարէին Եուրի Դաւթեանն ու Կարէն Դուրգարեանը: Երեկոյի բեմադրիչն էր Հրաչեայ Աշուղեանը:
Հեռաւոր Զուիցերիայէն թոռնուհին` Արա Պետրոսեանի դուստրը` տաղանդաւոր դաշնակահարուհի Մինիոնա Պետրոսեանի Պրամսի «ինտերմեցցօ»-ի ապշեցնող կատարումը նուէր էր պապիկի 100-ամեայ յոբելեանին: Յետոյ նուագավարի փայտիկը շարժեցաւ, եւ Աւագ Պետրոսեանի որդին` Արա Պետրոսեանի ղեկավարութեամբ սիմֆոնիք նուագախումբը կատարեց Պիզէի «Քարմէն» օփերայի նախերգանքը: Դահլիճը որոտընդոստ ծափահարութիւններով ընդունեց երաժիշտին, արուեստասէրները ըսես վերագտան անոր, որուն երկար փնտրած ու սպասած էին:
Իսկ հայոց բեմի Մեծ տիկին Վարդուհի Վարդերեսեանն իր ելոյթով ըսես բարձրակէտն էր այդ տօնախմբութեան…
Հայաստանի պետական ազգային ակադեմիական երգչախումբը եւ օփերայի թատրոնի սիմֆոնիք նուագախումբը անփոխարինելի մայեսթրօ Յովհաննէս Չէքիջեանի ղեկավարութեամբ եզրափակեց յոբելեանական երեկոն Վերդիի «Նաբուկօ» օփերայի «Գերիներու խմբերգով»:
Ծափեր, պրաւոներ… եւ այդ ամէնը աշնանաշունչ օրուան մէջ դարձաւ հսկայ, առինքնող ծաղկեփունջ մը` փարուելով հարիւրամեայ յոբելեարի երբեք չխամրող յիշատակին:
Կ. Ա.