Տեղի Ունեցաւ «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան Պատմութեան Համար» Գիրքի Շնորհանդէսը

ՀՀ գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ պատմութեան հիմնարկի «Մեսրոպ Աշճեան» գիտական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ պատմաբան Երուանդ Փամբուքեանի խմբագրութեամբ լոյս տեսած` «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար» արխիւային փաստաթուղթերու բազմահատոր ժողովածուի 12-րդ հատորին շնորհանդէսը:

Շնորհանդէսին ներկայ էին Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, ՀՅԴ Բիւրոյի եւ ԳՄ ներկայացուցիչներ,  պատմաբաններ, մշակոյթի գործիչներ:

Պատմաբան Աշոտ Մելքոնեան նշեց, որ շատ կարեւոր է, երբ պատմաբանը իր աշխատութեան առաջին մասին մէջ չի պարտադրեր ընթերցողին իր անձնական տեսակէտը, այլ կը շարադրէ իր ըսելիքը եւ կը ձգէ մնացածը ընթերցողներու մօտեցման եւ հայեցողութեան: «Սա մեծ պատմաբանի վայել մօտեցում է»,- ըսաւ ան:

Պատմաբան Գէորգ Խուդինեան ներկայացուց ՀՅԴ արխիւներու հաւաքագրման եւ մէկտեղման պատմութիւնը եւ յիշեց այն անձերուն անունները, որոնք մեծ զեհողութիւններու արդիւնքով ի մի բերին ատոնք, ուր այժմ մէկտեղուած են Պոսթընի մէջ։ Ան շեշտեց Երուանդ Փամպուքեանի հսկայական գործին կարեւորութիւնը․ «Պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի ուսումնասիրական մեծ աշխատանքին շնորհիւ  այս գիրքը՝  «Նիւթեր դաշնակցութեան պատմութեան»-ը, 1890-1915 թուականներու Հայոց պատմութեան առաջնային սկզբնաղբիւրներու ժողովածու է»,- շեշտեց ան:

Ըստ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի` ՀՅԴ-ն մեր ազգային արժէքն է եւ մէկ դար եւ աւելի կը գործէ իր գաղափարական, քաղաքական եւ հզօր հիմնաւոր տեսակէտներով: «ՀՅԴ-ն թողած է  արխիւներ,  նիւթեր, ժառանգութիւն: Փառք ու պատիւ այն բոլոր մեծերուն, որոնք կրցած են ժամանակին հաւաքագրել ու պահպանել ատոնք: Արխիւային նիւթերը այն կարեւոր սկզբնաղբիւրներն են, որոնց վրայ կը կերտուի Հայոց պատմութիւնը: Այսօր Հայոց պատմութեան կարեւոր հատուածը նաեւ Դաշնակցութեան պատմութիւնն է»,- ըսած է նախարարը:

Այնուհետեւ խօսք առին նաեւ  ՀՀ ԳԱԱ Արևելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն Ռուբէն Սաֆրաստեան, ԵՊՀ Պատմութեան բաժանմունքի տնօրէն Էտիկ Մինասեան, Ցեղասպանուեան թանգարանի փոխտնօրէն Սուրէն Մանուկեան, ՀՅԴ պատմութեան թանգարան հիմնադրամի տնօրէն՝ Անուշ Ամսէեան։

Scroll Up