Թայուանի մէջ լոյս տեսած է Աւրորա Մարտիկանեանի յուշագրութեան չինարէն թարգմանութիւնը

Թայուանի մէջ 2016 թուականի վերջը լոյս տեսած է Աւրորա Մարտիկանեանի «Յօշոտուած Հայաստան» յուշագրութեան չինարէն թարգմանութիւնը: Այս մասին «Հայերն այսօր»ին կը տեղեկացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան­-հիմնարկը:

Գիրքի թարգմանութիւնը եւ հրատարակութիւնը իրականացուցած է թայուանաբնակ Տէյվիտ Վանգը` Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի թոյլատուութեամբ:

Գիրքը կը ներկայացնէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած դեռատի հայուհիին` Աւրորա Մարտիկանեանին (Արշալոյս Մարտիկեան) յուշերը իր եւ իր տարագիր, բռնագաղթեալ ժողովուրդին անցած տանջալից, անմարդկային փորձութիւններով լի ճանապարհի մասին:

Scroll Up