Առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեան Ամերիկահայութեան Թանգարանին Զօրակցելու Կոչ Կ՛ընէ

Ասպարէզ-Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, որ 2017ը «Հոգատարութեան Տարի» հռչակած է, կոչ կ՛ընէ համայնքի անդամներուն, որ գործնականօրէն նեցուկ կանգնին Կլենտէյլի մէջ կառուցուելիք Ամերիկահայութեան թանգարանին եւ մշակութային կեդրոնին։
Նշենք, որ առաջնորդը թանգարանի վարչական մարմինի համաատենապետն է՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեանի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութեան համայնքապետ վեր. Պերճ Ճամպազեանի կողքին։
Ամերիկահայութեան թանգարանին նպատակն է լուսարձակի տակ առնել հանդուրժողութեան, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու ցեղային եւ մշակութային տարբեր խմբաւորումներու համակեցութեան կարեւորութիւնը՝ ամերիկահայութեան փորձառութեանց ընդմէջէն:
Ամերիկահայութեան թանգարանի (www.armenianamericanmuseum.org) վարչութեան մաս կը կազմեն շրջանի հայկական քաղաքացիական եւ կրօնական 10 կազմակերպութիւններ եւ հաստատութիւններ, որոնք են՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Առաջնորդարանը, Հայ Մշակութային Հիմնարկութիւնը, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութիւնը, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Շրջանը, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Միութիւնը, Հայ Օգնութեան Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Շրջանը, «Նոր Օր» Բարեգործական Հիմնարկութիւնը, «Նոր Սերունդ» Մշակութային Միութիւնը, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանը եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանը: