ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Մամլոյ Ասուլիսով` ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի Ձեռնարկներուն Սկիզբը Յայտարարեց

Ազդակ-2018 թուականը կը զուգադիպի հայ ժողովուրդի նշանակալի եւ լուսաւոր ամեակներէն մէկը` ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակը: Այս առիթով, երէկ` չորեքշաբթի, 8 փետրուար 2017-ին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, ուր Կեդրոնական վարչութիւնը յայտարարեց ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի աշխատանքներուն սկիզբը: Հանդիպումին ներկայ էին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամները, «Ազդակ»-ի, «Վանայ ձայն»-ի ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ «Մարզիկ»-ի խմբագիրը:
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան ողջունեց ներկաները, ապա պաշտօնապէս ներկայացուց ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի ընդհանուր ծրագիրը եւ աշխատանքները: Ան յայտնեց, որ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի գլխաւոր ձեռնարկները տեղի պիտի ունենան 2018-ին, յուլիս-օգոստոս ամիսներուն, իսկ բացման հանդիսութիւնը պիտի կատարուի Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ մարզախաղերուն ընթացքին, 20-էն 29 յուլիս 2017-ին, երբ տեղի պիտի ունենան ՀՄԸՄ-ի սփիւռքի գաղթօճախներու եւ բոլոր շրջաններու մարզախաղերը: ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի ձեռնարկներու կազմակերպման աշխատանքներուն համար կազմուած են հետեւեալ յանձնախումբերը` Կեդրոնական յոբելինական մարմին, ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի կեդրոնական յանձնախումբ, կեդրոնական գործադիր յանձնախումբ, Կեդրոնական քարոզչական յանձնախումբ, Կեդրոնական ընկերային յանձնախումբ, կեդրոնական սկաուտական յանձնախումբ, որ պիտի ղեկավարէ 11-րդ Համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումը եւ 100-ամեակի սկաուտական բոլոր ձեռնարկները, իսկ մարզախաղերու յանձնախումբը ստեղծուած եւ արդէն աշխատանքի մէջ է:
Գ. Մկրտիչեան հաստատեց, որ աշխատանքներուն զուգահեռ պատրաստուած է 100-ամեակի քայլերգ, որ մօտ օրէն սեփականութիւնը պիտի դառնայ ՀՄԸՄ-ականներուն եւ հանրութեան:
Քայլերգին խօսքը կը պատկանի Ներսեհ Լիպարեանին (Քանատա), երաժշտութիւնը` Վահրամ Էմմիեանին (Լիբանան), իսկ կատարողութիւնը` Գառնիկ Սարգիսեանի: Նոյն առիթով պատրաստուած է 100-ամեակի խորհրդապատկերը` Արի Պոյաճեանին կողմէ (Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ): «ՊԱՏՈՒԱԲԵՐ ԱՆՑԵԱԼԷՆ` ՅԱՂԹԱԿԱՆ ԱՊԱԳԱՅ»-ն 100-ամեակի նշանաբանն է` Վանիկ Գասարճեանի հեղինակութեամբ (Լիբանան): Խորհրդապատկերն ու նշանաբանը այս պահէն արդէն սեփականութիւն կը դառնան աշխարհի բոլոր ՀՄԸՄ-ականներուն: Ան նշեց, որ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով պիտի ունենայ իր կայքը, որ մարտէն սկսեալ պիտի գործէ, ինչպէս նաեւ onlineshop, ուր ՀՄԸՄ-ին պատկանող զանազան առարկաներ պիտի ներկայացուին ու վաճառուին: Այս առիթով նկատի առնուած է նաեւ ՀՄԸՄ-ի նուիրուած գիտաժողով:
Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Գառնիկ Մկրտիչեան` պատասխանելով ներկաներուն հարցումները, պարզաբանեց, որ յոբելինական մարմինը ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին նուիրուած յանձնախումբ մըն է, որ պիտի դառնայ բոլոր յանձնախումբերուն վերին մարմինը: ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի Կեդրոնական յանձնախումբը միայն Կեդրոնական վարչութեան հետ պիտի ծրագրէ եւ աշխատանքի բաժանումը պիտի կատարէ: Գործադիր յանձնախումբը Հայաստանի մէջ կատարուելիք ձեռնարկները յաջողութեամբ պսակելու համար աշխատանք պիտի տանի: Ան նշեց նաեւ, որ Լիբանանի մէջ արդէն կազմուած է Կեդրոնական քարոզչական յաձնախումբը, որ պիտի պատրաստէ քարոզչական ծրագիր մը: Իսկ Ընկերային յանձնախումբը գործի պիտի լծուի բոլոր շրջաններէն ՀՄԸՄ-ական քոյրերն ու եղբայրները Հայաստանի մէջ համախմբելու, որպէսզի մասնակցին մէկ շաբթուան ընթացքին տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն եւ փակման հանդիսութեան:
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը դիտել տուաւ, որ նշեալ ձեռնարկները միայն ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան հետ կապուած կեդրոնական ձեռնարկներն են: Իսկ ՀՄԸՄ-ի 9 շրջանային վարչութիւնները եւ 35 մեկուսի շրջանները աշխարհի տարածքին պիտի կազմակերպեն իրենց տեղական ձեռնարկները` 100-ամեակին նուիրուած:
Հայաստանի մէջ 2018-ին տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն մասին խօսելով, Գառնիկ Մկրտիչեան յայտնեց, թէ Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ պատմական արժէք ներկայացնող առարկաներու ցուցահանդէս պիտի կատարուի: Գիւմրիի մէջ, ըստ կարելիութեան, պիտի տեղադրուի Վահան Չերազի կիսանդրին, իսկ ՀՄԸՄ-ի բանակավայրին մէջ պիտի զետեղուի նաեւ ՀՄԸՄ-ի երրորդութեան կիսանդրին, ինչպէս նաեւ պիտի կատարուի ՀՄԸՄ-ի գլխաւոր ձեռնարկները եզրափակող յոբելինական պաշտօնական հանդիսութիւն:
Գառնիկ Մկրտիչեան` եզրափակելով ասուլիսը, ըսաւ. «ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի նախապատրաստական բոլոր աշխատանքները կատարուած են, կը մնայ զանոնք իրականութիւն դարձնել եւ իրագործել: Այս պահէն մեր ժողովուրդին ուշադրութեան կը յանձնենք 2017-ի մարզախաղերուն թուականը` յուլիս 20-էն 29, երբ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի բացման հանդիսութիւնը պիտի կատարուի, իսկ մարզախաղերու փակման հանդիսութեան պիտի յայտարարուի ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի 2018-ի ձեռնարկներուն պաշտօնական բացումը:
«Թէեւ կը գիտակցինք, որ այս ծրագիրը լուրջ աշխատանք եւ կորովի մարդուժ կ՛ենթադրէ, բայց նոյն ատեն կը հաւատանք, որ ՀՄԸՄ-ականներուն կամաւոր աշխատանքով եւ զոհաբերութեամբ մենք պիտի յաջողինք եւ արժանավայել կերպով պիտի տօնենք ՀՄԸՄ-ի փառահեղ 100-ամեակը մեր հայրենիքին մէջ», հաստատեց Գառնիկ Մկրտիչեան: