«Մարզիկներուս Խորհուրդ Կու Տամ Չվախնալ»․ «Հայորդաց Տան» Ճիւտոյի Մարզիչ
Մոսկուայի «Հայորդաց տան» սաներուն Ճիւտօ մարզաձեւին կը ծանօթացնէ սամպօ եւ ճիւտօ մարզաձեւերուն մէջ Հայաստանը Եւրոպայի եւ Աշխարհի առաջնութիւններուն ներկայացուցած մարզիկ Հայկ Մուղնեցեանը:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն «Հայորդաց տան» տեղեկատուական կեդրոնէն` ան մարզական կեանքը սկսած է Մոսկուայի մէջ, իսկ որոշ ժամանակ մարզուած է նաեւ Հայաստանի մէջ եւ ներկայացուցած մեր երկիրը: Աւելի ուշ, հանգամանքներու բերումով, դադրած է մարզուելէ եւ կը զբաղի մարզչական գործունէութեամբ:
Հայկ Մուղնեցեանի ղեկավարած ճիւտոյի խմբակին մէջ այս պահուն կը մարզուի տաս սան, որոնցմէ ամենակրտսերը 5 տարեկան է:
«Ճիւտոյով զբաղուելու համար ամենալաւ տարիքը 10-11 տարեկանն է, որպէսզի մարզիկը չհասցնէ յոգնիլ մարզաձեւէն եւ 4-5 տարի պարապելէ յետոյ մասնակցի մրցումներու:Քանի որ «Հայորդաց տան» մէջ միայն մէկ օր կը պարապինք, ատոր համար ծնողներէն շատերուն կը յորդորեմ երեխաներուն մարզական դպրոց տանիլ: Եթէ անգամ անոնք չցանկան ճիւտոյով զբաղուիլ, միեւնոյնն է հեշտութեամբ կրնան փոխել մարզաձեւը: Ճիւտոյի մէջ ձեռք բերած ճկունութիւնը ատիկա թոյլ կու տայ անոնց»,- մեզի հետ զրոյցին ըսաւ մարզիչը:
9-ամեայ Վիլեն Աթոյեան 6 տարեկանէն կը մարզուի Հայկ Մուղնեցեանի մօտ եւ աւելի քան մէկ տարի շաբաթական երեք անգամ դասերու կ’երթայ մարզական դպրոցի խմբակին մէջ: Այն հարցին, թէ մարզական դպրոցին մէջ կանոնաւոր պարապելէ յետոյ իրենց կը բերէ «Հայորդաց տան» Ճիւտոյի խմբակ` Վիլեն պատասխանեց․ «Ես Ճիւտոյի կ’երթամ, որ ուժեղ ըլլամ ու կարենամ ինքզինքս պաշտպանել: Երկու մարզիչներն ալ շատ կը տանջեն, բայց Հայկը առաւել մանրամասնութեամբ կը բացատրէ: Ան մեզի կը սորվեցնէ, որ Ճիւտոն ոչ միայն ուժ, այլեւ խելք է ու որ պէտք է կազմակերպուած ըլլալ: Ես եւ կրտսեր եղբայրս` Տիգրանը, շատ կը սիրենք մեր մարզիչը: Ան միշտ մեզմէ առաւելագոյնը կը պահանջէ»:
Վիլենի եւ Տիգրանի մայրը` Աննա Թումանեանն ալ նշեց, որ իւրաքանչիւր պարապմունքէ տղաները կը վերադառնան նոր բան սորված եւ ոգեւորուած: «Երեխաներս շատ կը սիրեն Հայկին, շատ խստապահանջ է: Վիլենս կ’ըսէ որ Հայկի մէկ պարապմունքը հաւասարազօր է մարզական դպրոցի երեք օրուան պարապմունքին: Հայկը շատ արհեստավարժ է եւ կեանքի դասեր ալ կու տայ երեխաներուն: Տիգրանս աշխատող չէ, բայց երկուքն ալ շատ կը սիրեն մարզիչին եւ այդ պատճառով սիրով կու գան մարզումներուն: Կ’ուզեմ նշել, որ երբ Վիլենը տարինք մարզական դպրոց` նոր մարզիչը զգաց անոր ֆիզիկական պատրաստուածութիւնը եւ մանրամասնօրէն հետաքրքրուեցաւ, թէ ով է մարզիչը, ուր կը պարապի»,- մեզի հետ զրոյցին աւելցուց Աննա Թումանեան:
Ճիւտոյի խմբակ յաճախող սաները տարուան վերջը ցուցադրական մարզումներ, մրցոյթներ կ’իրականացնեն, որուն նպատակը երեխաներուն շահագրգռելն է:
Այն հարցին, թէ ինչ կարեւորագոյն խորհորդներ կու տայ իր մարզիկներուն` Հայկ Մուղնեցեան պատասխանեց․ «Իրենց խորհուրդ կու տամ չվախնալ, բայց եւ այնպէս չընել, որ վախի բացակայութիւնը դառնայ նախայարձակ ըլլալու պատճառ: Ու որ ամենակարեւորն է` իւրաքանչիւր իրավիճակի մէջ հանգիստ ըլլան, քանի որ մարմինն ու միտքն երբ հանգիստ ըլլան ճիշդ որոշումներ կայացելու հնարաւորութիւն կու տան»: