Պաղտատի ՄԷջ Առաջաւորաց Պահքի Առիթով Ձեռնարկ Կազմակերպութեամբ Ի.Հ.Տ.Մ. Միութեան վարչութեան
Երկուշաբթի 6 Փետրուարին, Նորաշէնի սրահին մէջ, Առաջաւորաց պահքի առիթով տեղի ունեցած է դասախօսութիւն՝ «Պահեցողութիւն» խորագիրի ներքոյ, օրուան դասախօսն էր Տ. Պետրոս աբեղայ Ազարեան: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ Գայեանէ Սահակեան Պաղտատէն:
Դասախօսութեան յաջորդած է հայկական աւանդական ճաշատեսակներէն՝ Ղափամայի պատրաստութիւն տիկին Արփինէ Թեճոյեան-Սահակեանի կողմէ, ապա աւանդական ճաշի հիւրասիրութիւն: