ԵՊՀ-ի ՄԷջ Կը Նշուի Լիբանանի «Ազդակ» Օրաթերթի 90-Ամեակը

Փետրուար 7-ին ԵՊՀ լրագրութեան բաժանմունքին մէջ հիւրընկալուած էին Պէյրութի մէջ լոյս տեսնող «Ազդակ» օրաթերթի նախկին խմբագիր, անուանի պատմաբան եւ կուսակցական գործիչ Երուանդ Փամբուկեանը եւ «Ազդակ»-ի ներկայիս գլխաւոր խմբագիր, անուանի լրագրող, հասարակական-քաղաքական գործիչ Շահան Գանտահարեանը: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ը կը տեղեկանայ ԵՊՀ Լրագրութեան բաժանմունքի journalist.am կայք-էջէն:
Մինչ ուսանողներուն հետ հանդիպումը` հիւրերը բաժանմունքի տնօրէն Նաղաշ Մարտիրոսեանի հետ քննարկած են քանի մը առաջնահերթութիւններ, մասնաւորաբար պայմանաւորուելով աշնան ԵՊՀ լրագրութեան բաժանմունքի «Եղիշէ Չարենց» սրահին մէջ նշել «Ազդակ»-ի 90-ամեակը: Այդ առիթով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ պիտի կազմակերպուի յոբելենական գիտաժողով, որուն պիտի մասնակցին Հայրենիքի եւ Սփիւռքի անուանի խմբագիրներ, գիտնականներ եւ հրապարակախօսներ:
Տնօրէնի աշխատասենեակին մէջ քննարկումը աւարտելէ ետք խմբագիրները հանդիպում ունեցած են բաժանմունքի ուսանողներուն հետ: