Քառօրեայ Պատերազմին Զոհուած Հերոսի Բանաստեղծութիւնները Պիտի Ապրին Սերունդներուն Համար
Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին հերոսաբար զոհուած Բագրատ Ալեքսանեանի երազանքը կեանքի կը կոչուի. Այս տարի պիտի հրատարակուի անոր բանաստեղծութիւններու ժողովածուն: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, յայտնած է բանաստեղծ, թարգմանիչ, Հայաստանի գրողներու միութեան հրատարակչութեան տնօրէն Շանթ Մկրտչեան:
«Արդէն հաստատուած է, որ պետական աջակցութեամբ լոյս պիտի տեսնէ ժողովածուն: Անիկա, հաւանաբար, արդէն ամրան ընթացքին, հաւանաբար աւելի շուտ պատրաստ ըլլայ: Պիտի հրատարակուի 200 օրինակով»,- ըսած է Շանթ Մկրտչեան:
Հերոսի ծնողները, նախապէս պատմած են, որ Բագրատը շատ կը սիրէր ստեղծագործել, ունէր շարք մը բանաստեղծութիւններ: Կը գրէր ամէն ինչի մասին` «Արարատին», «Հայրենիքիս», «Կարօտ», «Ափսոսանք» եւ բազում նման վերնագիրներով: Ծնողները դիմած են ե՛ւ Մշակոյթի նախարարութիւն, ե՛ւ Գրողներու միութիւն՝ այն յոյսով, որ իրենց որդիին բանաստեղծութիւնները պիտի հրատարակուին եւ հասանելի ըլլան ընթերցողներուն: Ատիկա եղած է Բագրատի միակ երազանքը:
Բագրատ Ալեքսանեանը հերոսական պայքար մղած էր Ջրականի մէջ (Ջապրայիլ) եւ նահատակուած՝ հերոս ընկերներու հետ միասին: