Ատրպէյճանի Զինուժի Կրակոցէն Զինուոր Մը Զոհուած է

Փետրուար 6-ին` ժամը 11:00-ին, Պաշտպանութեան բանակի հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկու մէջ, հակառակորդին կողմէ հրադադարի խախտման արդիւնքով, մահացու վէրք ստացած է ՊԲ զինծառայող, 1997-ի ծնունդ Գոռ Համազասպ Գարեգինեանը:

ԼՂՀ ՊԲ-էն կը յայտնեն, որ դէպքի մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:

«ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներունէ,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Scroll Up